image

Ֆինլանտա մտադիր չէ իր տարածքին մէջ միջուկային զէնք տեղակայել. վարչապետ

Ֆինլանտա մտադիր չէ իր տարածքին մէջ  միջուկային զէնք տեղակայել. վարչապետ

Ֆինլանտան մտադիր չէ միջուկային զէնք տեղակայել իր տարածքին մէջ, յայտարարած է վարչապետ Փեթերի Օրփոն լեհական Rzeczpospolita թերթին տուած հարցազրոյցին։

«Ատոր կարիքը չկայ, քանի որ ՆԱԹՕ-ն ինք կ՚ապահովէ միջուկային զսպում»,-ըսած է Օրփոն։

Ան նշած է, որ այլ երկիրներու մէջ արդէն տեղակայուած միջուկային զէնքերը բաւարար են ՆԱԹՕ-ի անվտանգութիւնն ապահովելու համար։

«Միջուկային զէնքը տեղակայուած է դաշինքի քանի մը երկիրներու մէջ, եւ այդ բաւական է: Այնուամենայնիւ, մենք ուշադիր կը պատրաստուինք մեր առաջադրանքներուն՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի նոր երկիր, որ զսպման գործընթացին կը մասնակցի սովորական սպառազինութեամբ», -ըսած է Ֆինլանտայի վարչապետը: