Եւրոպական յանձնաժողովը Քիեւին պիտի փոխանցէ մօտաւորապէս վեց միլիառ եւրօ՝ G7-ի կողմէ նախատեսուած 45 միլիառ եւրոյի վարկէն, որ պիտի մարուի ռուսական ֆինանսական միջոցներէն եւ Ուքրանիոյ համար ԵՄ-ի հիմնադրամէն ստացուած եկամուտներէն։
Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական տանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն դեր Լայենը՝ ելոյթ ունենալով Եւրոպական Խորհրդարանի անդամներուն առջեւ, հաղորդած է UNN-ը։
Ան պարզաբանած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պարտաւորուած է Ուքրանիոյ տրամադրել մօտ 18 միլիառ եւրոյի վարկ, որ պիտի մարուի ռուսական ֆինանսական միջիցներէն ստացուած եկամուտներով՝ որպէս G7-ի կողմէ համաձայնեցուած 45 միլիառ եւրոյի վարկի մաս։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը զգուշացուցած էր, որ Պելճիքան այնպիսի խիստ պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուի, որ շատ ցաւոտ պիտի ըլլայ, եթէ սառեցուած ռուսական ֆինանսական միջոցները բռնագրաւուին։
Եւրոպական Միութեան մէջ ներկայիս սառեցուած են 200 միլիառ եւրոյէ աւելի արժողութեամբ ռուսական միջոցներ, որոնցմէ մօտ 185 միլիառը պահուած է պելճիքական Euroclear դրամատան մէջ։