image

Ֆրանսայի յաղթանակէն ետք. Մոնտիալի աւարտականը՝ Ֆրանսա-Արժանթին

Ֆրանսայի յաղթանակէն ետք. Մոնտիալի աւարտականը՝ Ֆրանսա-Արժանթին

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կատարուող 2022-ի Մոնտիալին ծիրին մէջ, Ֆրանսան ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մարոքը:

Ֆրանսան 2-րդ անգամ անընդմէջ պիտի խաղայ աշխարհի առաջնութեան եզրափակչին։ 2018 թուականին ֆրանսացիները 4։2 հաշուով յաղթած էին Խրուաթիային։

Քաթար 2022-ի եզրափակիչ հանդիպումը նախատեսուած է 18 դեկտեմբերին։ Ֆրանսայի հաւաքականը «Լուսէյլ» մարզադաշտին մէջ պիտի մրցի Արժանթինի հաւաքականի հետ։