image

Ատրպէյճանի ներկայիս օրակարգը պատերազմի յաղթանակէն դէպի խաղաղութեան յաղթանակ անցնիլն է. Հաճիեւ

Ատրպէյճանի ներկայիս օրակարգը պատերազմի յաղթանակէն դէպի խաղաղութեան յաղթանակ անցնիլն է. Հաճիեւ

Ատրպէյճանի ներկայիս օրակարգը Հարաւային Կովկասի մէջ պատերազմի յաղթանակէն դէպի խաղաղութեան յաղթանակ անցնիլն է, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը EU Today-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ։

Անոր ելոյթը կեդրոնացած էր «Զանգեզուրի միջանցք»ի վրայ, որ ան ուղղակիօրէն կապած է ինչպէս Ատրպէյճանի յետհակամարտական ​​ռազմավարութեան, այնպէա ալ Եւրոպական Միութեան աւելի լայն կապի նպատակներու հետ։ Նկարագրելով այն որպէս Չինաստանի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ Միջին միջանցքի մաս, ան նշած է, որ այդ երթուղին պիտի ունենայ փոխակերպող ազդեցութիւն Եւրասիոյ փոխադրային ենթակառուցուածքներու վրայ։

«Երբ միջանցքը գործարկուի Ատրպէյճանի մէջ, ատոր տարեկան բեռնափոխադրման հզօրութիւնը պիտի կազմէ մինչեւ 15 միլիոն թոն, իսկ ատրպէյճանական հատուածի աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտել մինչեւ 2026 թուականը», - ընդգծած է Հաճիեւը։

Ան նաեւ մեկնաբանած է ատրպէյճանական քաղաքացիական օդանաւի խոցումէն ետք Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները։

Պաքուն Մոսկուայէն կը պահանջէ չորս բան՝ պաշտօնական ներողութիւն, լիարժէք հետաքննութիւն, պատասխանատուներու պատասխանատւութիւն եւ փոխհատուցում։ Երբ այս հարցերը լուծուին, մենք կը փակենք այս թիւրըմբռնման էջը եւ կը վերսկսինք երկու երկիրներու միջեւ բնականոն, բարիդրացիական յարաբերութիւնները»։