image

Հազարաւոր ֆրանսացիներ դժգոհ են ընտրութիւններուն ծայրայեղ աջերու յաղթանակէն (Լուսանկարներ)

Հազարաւոր ֆրանսացիներ դժգոհ են ընտրութիւններուն ծայրայեղ աջերու յաղթանակէն (Լուսանկարներ)

Ֆրանսայի մէջ յունիս 30-ին կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլին Մարին Լը Փենի ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային միաւորում» կուսակցութեան բարձր արդիւնքի լոյսին տակ շարք մը քաղաքներու մէջ ցոյցեր տեղի ունեցած են աջ արմատականներու դէմ։  Ըստ dpa գործակալութեան՝ այս ցոյցերուն մասնակցած է քանի մը հազար մարդ։

Փարիզի մէջ ծայրայեղ աջերու դէմ ցուցարարները հաւաքուած են Հանրապետութեան հրապարակին մէջ։ Le Figaro թերթի տուեալներով՝ ցոյցին միացած են ձախակողմեան առաջատար քաղաքական գործիչները։

Նմանատիպ ցոյցեր եղած են նաեւ Նանթի, Տիժոնի, Լիլի եւ Մարսէյլի մէջ։ Լիոնի՝ Ֆրանսայի մեծութեամբ երրորդ քաղաքին մէջ, լրատուամիջոցները յայտնած են, որ ցուցարարները բախած են ոստիկանութեան հետ։

Ցուցարարները փողոցներու մէջ ինքնաշէն անցարգելներ դրած են եւ սկսած շիշեր ու ճայթռուկներ նետել ոստիկաններու ուղղութեամբ։ Անկարգութիւններու հետեւանքով կոտրուած են խանութներու ցուցափեղկերը։

Ինչպէս գրած է Le Figaro թերթը՝ յղում ընելով անկախ լրագրող Քլեման Լանոյին, Փարիզի Parmentier պողոտային վրայ ցուցարարները նաեւ ճայթրուկներ նետած են ոստիկաններու ուղղութեամբ, որուն ի պատասխան՝ ոստիկաններն արցունքաբեր կազով նռնակներ կիրառած են։ 

Նշենք, որ Ֆրանսայի ՆԳՆ-ն հրապարակած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլի վերջնական արդիւնքները։ Ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային միաւորում»-ը ստացած է ձայներու 33,1%-ը։ Երկրորդ տեղը «Նոր ժողովրդական ճակատ» ձախակողմեան դաշինքն է՝ 28%, իսկ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «Միասին յանուն Հանրապետութեան» կեդրոնամէտ դաշինքը հաւաքած է ընդամէնը 20%։ 

«Ծայրայեղ աջերն իշխանութեան շեմին են», - յայտարարած է Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալը՝ աւելցնելով, որ Մաքրոնին աջակցող թեկնածուները, որոնք զբաղցուցած են երրորդ հորիզոնականը, բայց անցած են երկրորդ փուլ, պէտք է հանեն իրենց թեկնածութիւնը՝ փակելու ազգայնականներու ճանապարհը։