image

Ֆրանսայի վարչապետը վարակուած է «Քովիտ»ով

Ֆրանսայի վարչապետը վարակուած է «Քովիտ»ով

Ֆրանսայի վարչապետ Ժան Գասթեքսի «Քովիտ»ի քննութիւնը դրական արդիւնք ցոյց տուած է։ Վարչապետը 10 օր պիտի գտնուի ինքնամեկուսացման մէջ, յառաջիկայ օրերուն համար անոր աշխատանքային ժամանակացոյցը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի։ Ժահրը հաստատած նաեւ քաղաքական գործիչին դուստրերէն մէկուն մօտ։

Գասթեքսի մօտ ժահրի առկայութեան հաստատումէն յետոյ հարկադիր ինքնամեկուսացման անցած են անոր հետ շփում ունեցած Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանտր տէ Կրոն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի կառավարութեան շարք մը նախարարներ՝ վերջերս կայացած անվտանգութեան հարցերով ֆրանս-պելճիքական հանդիպման շրջանակներուն մէջ Ֆրանսայի վարչապետին հետ ունեցած շփման պատճառով։

Մինչ քննութեան բացասական պատասխան ստանալը ինքնամեկուսացման մէջ պիտի գտնուին նաեւ Պելճիքայի ներքին գործերու, արտաքին գործերու, պաշտպանութեան եւ արդարադատութեան նախարարները, ովքեր նոնպէս ներկայ եղած են հանդիպման։

Նշենք, որ վարչապետը ստացած է «Քովիտ»ի դէմ «AstraZeneca» պատուաստանիւթի լիարժէք չափաբաժինը։ Երկրորդ ներարկումը կատարուած է Յունիս 19-ին։