image

Ֆրանսայի կառավարութիւնը գործ ունի մարդոց հետ, որոնց նպատակն է առաւելագոյն թիւով մարդոց կեանք խլել.Ֆրանսացի Լրագրող

Ֆրանսայի կառավարութիւնը գործ ունի  մարդոց հետ, որոնց նպատակն է առաւելագոյն  թիւով մարդոց կեանք խլել.Ֆրանսացի Լրագրող

Լիբանանցի արմատներով ֆրանսացի  լրագրող  Րանտա Թաքի Ալ Տինի   կարծիքով  Ֆրանսայի մէջ  տեղի ունեցածը համաշխարհային պատերազմի մէկ մասն է: Փարիզ հաստատուած  լրագրողը, որուն կարծիքով  երէկ Ֆրանսայի  Նիս քաղաքին մէջ եղածը արհաւիրք  էր  եւ  վախի  մթնոլորտ կը տիրէ ամբողջ Ֆրանսայի մէջ: Թաքի Ալ Տին  նաեւ ըսած է, որ հակառակ  ապահովական մարմիններու բոլոր  քայլերուն, ահաբեկիչները հասած են  իրենց նպատակին, որովհետեւ անոնց կատարած  արարքը անկանխատեսելի էր:  Լրագրողը նաեւ  ըսած է, թէ ահաբեկչութիւն  կատարողը,  որ կը կարծուի, թէ  թունուզեան  արմատներով 31-ամեայ ֆրանսացի մըն է, նախապէս որեւէ կասկածելի     գործունէութեան մէջ չէ  եղած: Ան  նաեւ յայտնած է, որ  սխալ կ'ըլլայ Ֆրանսայի կառավարութիւնը  մեղադրել  անհոգութեան կամ անփութութեան  մէջ, որովհետեւ պետութիւնը գործ ունի անհաւասարակշիռ մարդոց հետ, որոնց նպատակն է  առաւելագոյն թիւով մարդոց կեանքը խլել:  Նշենք, որ երէկ Նիսը հարուածած  ահաբեկչական  յարձակումին հետեւանքով զոհուած էին    84  անձեր: Վիրաւորեալներէն 18-ին վիճակը կը մնայ ծանր: Ֆրանսայի   ոստիկանութիւնն ու  հակահաբեկչական յատուկ ջոկատայիններ յատուկ կարգադրութիւններու դիմած են   ամբողջ երկրին  մէջ:  Ըստ  տեղական մարմիններու,  ահաբեկչական  գործողութիւններու հաւանականութիւնը    կը մնայ բարձր մինչեւ այս պահը: