Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացումը Երեւանի ինքնիշխան իրաւունքն է. այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ այսօր նախատեսուած ռազմավարական գործընկերութեան մասին փաստաթուղթի ստորագրումը։
«Բոլոր երկիրներու, այդ շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները զարգացնելը Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է»,-ըսած է Փեսքով՝ միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները երբեք կայունացնող դեր չէ խաղցած Հարաւային Կովկասի մէջ, այլ՝ ընդհակառակը:
Ան աւելցուցած է նաեւ, որ Ռուսիան բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։
«Մենք մեր երկկողմ յարաբերութիւններն ունինք Հայաստանի հետ։ Մեզի համար թանկ են այդ յարաբերութիւնները։ Մենք մտադիր ենք ատոնք հետագային եւս զարգացնել»,-ըսած է Փեսքով։
Քրեմլի խօսնակը նաեւ կարեւորած է համարկման գործընթացներուն մէջ, այդ շարքին՝ ԵԱՏՄ շրջածիրէն ներս երկու երկիրներու փոխգործակցութիւնը։ Անոր խօսքով՝ այդ յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար «զգալի շահութամաս» կ՚ապահովեն։