image

Ֆրանսայէն կոչ իր քաղաքացիներուն՝ «Մի՛ երթաք Ատրպէյճան»

Ֆրանսայէն կոչ իր քաղաքացիներուն՝ «Մի՛ երթաք Ատրպէյճան»

Ֆրանսայի քաղաքացիներուն, ներառեալ երկքաղաքացիութիւն ունեցողներուն, խորհուրդ կը տրուի առանց ծանրակշիռ պատճառի, առանց խիստ անհրաժեշտութեան չմեկնիլ Ատրպէյճան։

Այս մասին ըսուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան 4 սեպտեմբերի հաղորդագրութեան մէջ։

«Ֆրանսայի քաղաքացիները, ներառեալ երկքաղաքացիութիւն ունեցողները, որոնք կ'ապրին կամ տարանցիկ կը ճանապարհորդեն, Ատրպէյճանի մէջ կը յայտնուին ձերբակալութեան, կամայական կալանքի եւ անարդար դատավարութիւններու վտանգի առջեւ:

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նաարարութիւնը խորհուրդ չի տար նաեւ մեկնիլ Հայաստանի հետ սահմանակից շրջաններ, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ինքնավար մարզի տարածք եւ նախկին յարակից շրջաններ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ատրպէյճանէն արձագանգած են, որ այս որոշումը կը վկայէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններն ալ աւելի սրելու Ֆրանսայի մտադրութիւնը։

«Ոչ մէկ հիմք կայ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պնդումներուն համար, որ Ֆրանսայի քաղաքացիներն առանց պատճառի կը ձերբակալուին եւ կը կալանաւորուին։

Այս անհիմն յայտարարութիւնը իրականութեան խեղաթիւրում է»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Հաճիզատէի խօսքով՝ ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած է Ֆրանսայի երկու քաղաքացի։ Մարթին Ռայանը ձերբակալուած է լրտեսութեան մեղադրանքով, գործավար Թեկօ Հիւկօ՝ Պաքուի մեթրոյին մէջ գոյք վնասելու՝ վակոններուն վրայ գծագրելու համար:

«Անգամ մը եւս կը պահանջենք դադրեցնել Ֆրանսայի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ զրպարտչական արշաւը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։