image

Ֆրանսան գործընկերներու հետ կը քննարկէ Ուքրանիան անմիջապէս ՆԱԹՕ հրաւիրելու հնարաւորութիւնը. Ֆրանսայի ԱԳՆ

Ֆրանսան գործընկերներու հետ կը քննարկէ Ուքրանիան անմիջապէս ՆԱԹՕ հրաւիրելու հնարաւորութիւնը. Ֆրանսայի ԱԳՆ

Փարիզը բանակցութիւններ կը վարէ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի իր գործընկերներու հետ Ուքրանիան անմիջապէս հրաւիրելու հնարաւորութեան շուրջ։  Այս մասին Քիեւ կատարած այցի ժամանակ յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն։

«Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիան ՆԱԹՕ հրաւիրելուն, մենք այդ չենք բացառեր եւ այդ հարցի շուրջ քննարկումներ կ՚ունենանք մեր գործընկերներու հետ»,-ըսած է ան։