Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ֆրանսահայ մեծանուն շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ գրառում կատարած իր թուիթըրեան էջին:
«Ֆրանսացի, որ հոգեպէս անքակտելիօրէն կապուած էր իր հայկական արմատներուն, որուն կը ճանչնար ողջ աշխարհը, Շարլ Ազնաւուրը երեք սերունդի ուղեկցած է ուրախութեան եւ տխրութեան պահերուն: Անոր գլուխգործոցները, անոր ձայնը, անոր իւրայատուկ փայլը դեռ երկար պիտի ապրին:
Ես անոր հրաւիրած էի Երեւան գալ` Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին, ուր ան պիտի երգէր: Մենք հայ ժողովուրդի հետ կը կիսենք ֆրանսացի ժողովուրդի վիշտը»,- գրած է ան: