Ֆրանսա-Ատրպէյճան խորհրդարանական բարեկամական խումբը դադրեցուցած է գործունէութիւնը։ Այս մասին յայտնած է խումբի ղեկավար Փիեր Վաթին։
«Ֆրանսա-Ատրպէյճան խորհրդարանական բարեկամական խումբը, զոր ես կը ղեկավարեմ Ազգային ժողովին մէջ, կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնն ու յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի խորհրդարանի Ատրպէյճան-Ֆրանսա բարեկամական խումբին հետ»,-ըսած է ան։