image

Ֆրանքոֆոնիայի աւանին մէջ. Հայաստան ներկայացաւ մշակութային տաղաւարով

Ֆրանքոֆոնիայի աւանին մէջ. Հայաստան  ներկայացաւ  մշակութային տաղաւարով

4 եւ 5 հոկտեմբերին Ֆրանսայի Վիլեր Քոթրէ եւ Փարիզ քաղաքներուն մէջ կայացած Ֆրանքոֆոնիայի 19-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Ֆրանքոֆոնիայի աւանին մէջ Հայաստանը ներկայացած է նաեւ մշակութային տաղաւարով:

Ֆրանքոֆոնիայի աւանի հայկական տաղաւարը այցելած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որուն ուղեկցած է նաեւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՍ) նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեան: Անոնք ծանօթացած են ցուցադրութեան ընթացքին, այցելուներու տպաւորութիւններուն եւ դիտումներու շարժումին։

Հաշուի առնելով գագաթնաժողովի՝ «Նորարար ճարտարագիտութիւն եւ ստեղծարարութիւն» խորագիրը, Ֆրանքոֆոնիայի աւանի հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած է Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը 3D սկանաւորման միջոցով: Հպման պաստառներով եւ վիրթուալ իրականութեան սաղաւարտներով ընդգծուած է «ԹՈՒՄՈ» ստեղծարար ճարտարագիտութեանց կեդրոնի աշխատանքը՝ իբրեւ եզակի կրթական եւ նորարարական կազմակերպութիւն, որ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ նաեւ Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսէյլի մէջ՝ նորարարութեան աշխարհին մէջ խորհրդանշելով Հայաստանի եւ ֆրանքոֆոն համայնքի միջեւ համագործակցութեան ոգին: Տեսանիւթը ներկայացուած է հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:

Գագաթնաժողովի ընթացքին 5 հոկտեմբերին, Ֆրանքոֆոնիայի աւանի Salle 200 համերգասրահին մէջ ֆրանսահայ «Երազ» համոյթը ցուցադրած է հատուածներ Ազնաւուրին եւ Հայաստանին նուիրուած պարային ներկայացումէն: Տաղաւարին մէջ ցուցադրուած է նաեւ Ազնաւուրին նուիրուած ֆրանսահայ նկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը:

Տաղաւարի հիւրերը հնարաւորութիւն ունեցած են նաեւ համտեսելու հայկական քաղցրաւէնիքներ: Հայաստանի տաղաւարի նախագիծը մշակուած է Մշակոյթի զարգացման հիմնադրամի կողմէ: