image
Հրատապ լուրեր:

Ֆիտանն ու Ռուպիոն քննարկած են իրավիճակը Կազայի եւ Ուքրանիոյ մէջ

Ֆիտանն ու Ռուպիոն քննարկած են իրավիճակը Կազայի եւ Ուքրանիոյ մէջ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը մեկնած է Ուաշինկթըն, Հաքան Ֆիտանը ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն:

Դիւանագէտներն անդրադարձած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային հարցերու, առաւելապէս՝ Կազայի մէջ հրադադարին եւ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան։ Ֆիտանն ու Ռուպիոն քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կայունութեան պահպանման հետագայ քայլերը, աջակցութիւն յայտնած արդէն գործադրուած ջանքերուն: 

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի կոչը ՆԱԹՕ-ի բոլոր դաշնակիցներուն՝ դադրեցնելու ռուսական ուժանիւթակիրներու գնումները, որ, Ուաշինկթընի համոզմամբ, պիտի նպաստէ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան դադարեցման: