Հեռախօսազրոյց ունեցած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները:
Հաքան Ֆիտանն ու Ճէյհուն Պայրամովը քննարկած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Անդրադարձ եղած է Պաքու-Կրոզնի չուերթ իրականացնող օդանաւի կործանման: Ֆիտանը Թուրքիոյ անունով աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է:
Կողմերը քննարկած են նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, այդ շարքին՝ Սուրիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու հարցը։