image
Հրատապ լուրեր:

Ֆիտան եւ Պայրամով քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացը

Ֆիտան եւ Պայրամով քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացը

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հեռախօսազրոյց ունեցած են: Հաքան Ֆիտանն ու Ճէյհուն Պայրամովը քննարկած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի երկկողմ կապերը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու շրջածիրէն ներս:

Կարծիքներ փոխանակուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ: Քննարկուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: