image

Ատրպէյճանը 5 ամիսով երկարաձգած է Արկադի Ղուկասեանի կալանքը

Ատրպէյճանը 5 ամիսով երկարաձգած է Արկադի Ղուկասեանի կալանքը

Բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի ապօրինի կալանքի ժամկէտը երկարաձգուած է, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Նշուած է, որ Պինակատիի շրջանային դատարանը քննարկած է Ղուկասեանի կալանքը երկարացնելու մասին դատախազի միջնորդութիւնը, որ կ՚առաջարկէ Ղուկասեանի կալանքը երկարաձգել եւս քանի մը ամսով՝ նախաքննութեան միջոցառումներու շարունակման կապակցութեամբ։

Դատարանը բաւարարած է միջնորդութիւնը եւ Ղուկասեանի կալանքը երկարացուած է եւս հինգ ամիսով։

Յիշեցնենք, որ ԱՀ նախկին նախագահը ձերբակալուած էր այս տարուան սեպտեմբերին՝ Արցախի մէջ, որմէ ետք տեղափոխուած էր Պաքուի բանտ: