image

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ. Վարդապետական աստիճանի տւչութիւն երիտասարդ միաբաններու (Լուսանկարներ)

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ. Վարդապետական աստիճանի տւչութիւն երիտասարդ միաբաններու (Լուսանկարներ)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս երիտասարդ միաբանները Վարդապետութեան աստիճանի յատուկ աւարտաճառերը ներկայացուցին եւ գաւազան կրելու իշխանութիւն ստացան։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լուրերը տարածող «Կիլիկիա» հարթակէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Օրհնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն, Կիլիկիան միաբանութեան չորս աբեղաները՝ Հոգշ. Տ. Եզեկիէլ Աբղ. Սելլումեան, Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան, Հոգշ. Տ. Եզրաս Աբղ. Թէնէքէճեան եւ Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեան, Շաբաթ, 11 Մայիս 2024-ի երեկոյեան ներկայացուցին Վարդապետութեան աստիճանի թեկնածութեան իրենց աւարտաճառերը։   

Հայր սուրբերը իրենց աշխատութիւնները կատարած էին հետեւեալ կերպով.- 

Հայր Եզեկիէլը՝ Գործք Առաքելոցի Մեկնութիւն (թարգմանական՝ գրաբարէ աշխարհաբար-արեւմտահայերէն)։

Հայր Եսային՝ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի Ճառը՝ Արտասանուած Տարսոնի Ժողովի Ժամանակ՝ Սիրոյ Մասին (թարգմանական՝ գրաբարէ աշխարհաբար-արեւմտահայերէն)։

Հայր Եզրասը՝ Անանիա Վարդապետ Նարեկացիի Խրատագիրքը (թարգմանական՝ գրաբարէ աշխարհաբար-արեւմտահայերէն)։

Հայր Եղիան՝ Ս. Ստեփանոս Սիւնեցի եւ Իր Աստուածաբանական Երկերը (թարգմանական՝ գրաբարէ աշխարհաբար-արեւմտահայերէն)։

Ներկայացումներու եւ պաշտպանութիւններու աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իւրաքանչիւր ներկայացման աւարտին տուաւ թելադրութիւններ եւ կատարեց ընդգծումներ՝ աւարտաճառի նիւթերը կատարելագործելու համար։ Ապա, ան յղեց իր եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը, ուր շեշտեց հոգեմտաւոր զարգացման կարեւորութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը իր հայրական խօսքի աւարտին գնահատեց միաբան հայրերուն կատարած աշխատանքները։ 

Կիրակի, 12 Մայիս 2024-ին, հանդիսապետութեամբ եւ տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, չորս երիտասարդ միաբան հայրերը վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները ստացան՝ ձեռամբ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալէեմեզեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի։ 

Արարողութեան ընթացքին, Սրբազան հայրը եկեղեցւոյ ատեանին մէջ, հաւատքի քննութիւն կատարեց ընծայեալ հայր սուրբերուն, որոնք նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին՝ արտասանելով Հաւատոյ դաւանանքը։ 

Արարողութեան աւարտին, յաւուր պատշաճի քարոզեց տուուչութիւնը կատարող Նարեկ Սրբազան հայրը, բնաբան ունենալով Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքը. «Եկայ ձեզի՝ բոլորիդ, շրջեցայ եւ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեցի» (Գրծ 20.25)։ Ան իր քարոզին մէջ նախ փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ ինչպէս ամեն տարի՝ այս տարի եւս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. սրբազնագոյն հայրապետին տնօրինումով, Հոգեգալուստի տօնական ծիրին մէջ, մեր ընծայեալ միաբան հայրերն ու դպրեվանքի սաները բազմազան ձեռնադրութիւններով Ս. Հոգիին առատաբուխ շնորհներով առաւե՛լ կը պայծառանան։ Սրբազան հայրը յիշեց, թէ չորս երիտասարդ միաբանները իրենց առաքելադաշտերէն ժամանած են նոր իմն Երուսաղէմ՝ Անթիլիասի Մայրավանք, իրենց ստանձնած ծառայական առաքելութիւնը առաւել լիցքաւորուելու: Ապա, ան ընդգծումներ կատարելով խօսեցաւ վարդապետին արժանիքներուն ու պատախանատուութիւններուն մասին: Ան ըսաւ. «Վարդապետը պարտաւոր է անխտիր բոլորի՛ն երթալու: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններս մեր Եկեղեցւոյ զաւակները աշակերտ դարձնելէն առաջ՝ աշակե՛րտ կը դառնանք դպրեվանքին եւ մայրավանքին մէջ, որպէսզի մեր քրիստոսատիպ կեանքի օրինակով երթանք եւ զանոնք աշակերտ դարձնենք։ Եկեղեցականը կը շրջի Քրիստոսը տանելու համար աշխարհին եւ չսպասեր, որ մարդիկ եկեղեցի գան՝ որպէսզի Քրիստոսը գտնեն։ Այս սկզբունքին հաւատարմութեամբ, այսօր աւելի քան երբեք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայութիւն է մեր ազգի աշխարհասփիւռ զաւակներու կեանքին մէջ՝ երկրաւորէն երկնաւորին տանելու համար Աստուծոյ ուխտաւոր ժողովուրդը»։ Սրբազան հայրը իր խօսքը նորընծայ վարդապետներուն ուղղելով ըսաւ, թէ վարդապետին կոչումն է Աստուծոյ արքայութեան քարոզիչը դառնալ, որովհետեւ այս իսկ է մեր գոյութեան, ծառայութեան եւ զոհողութեան պատճառը: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Դպրեվանքի առաքելութեան, ըսելով. «Երբ կրթական տարեշրջանը իր աւարտին կը մօտենայ, մեր ծնողները պէտք է այժմէն որոշեն իրենց զաւակները յաջորդ տարեշրջանին Դպրեվանք ղրկել, որպէսզի մեր հոգեւոր տունի «սափորէն ալիւրը չհատնի եւ կուժէն իւղը չպակսի» (Գ.Թգ 17.14)։ Դպրեվանք եւ մայրավանք անուանումները ինքնին կը բնորոշեն աստուածատուր յաւիտենական ճշմարտութեան մեր յաւիտենական աշակերտութիւնը. որովհետեւ վա՛նքն է մեզ վարդապետ դարձնողը. վանքին մէջ զԱստուած ժողովուրդին տանելու համար կը կազմաւորուինք, մեր աղօթական եւ ծառայական կեանքը հաւաքաբար կ՚ապրինք, զայն որպէս առաքելութիւն կ՚ըմբռնենք ու կը փորձարկենք եւ Կենաց բանին ուսուցիչն ու քարոզիչը կը դառնանք։ Քրիստոնէութիւնը երթալու, քարոզելու, վկայելու եւ նոյնիսկ նահատակուելու կեա՛նքն իսկ է՝ եւ այս պարագային մանաւանդ հոգեւորականին համար»:  

Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը վեհարանին մէջ ընդունեց նորընծայ վարդապետները եւ իր հայրական օրհնութիւնը շնորհեց անոնց։