ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու քննչական երկրորդ բաժնէն ներս քննութիւն կ՚իրականացուի՝ մայրաքաղաքին մէջ իրականացուող բողոքի ցոյցերու մասնակիցներէն մէկու կողմէն ապօրինի կերպով սառ զէնք պահելու եւ կրելու դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ։
2024 թուականի մայիս 11-ին՝ ժամը 18։20-ին, ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժնի ՀՈԲ ծառայողներու կողմէ Երեւան քաղաքի Արամ-Բիւզանդ փողոցներու միջնամասին մէջ գտնուող «Խաչքարերու պուրակ» կոչուող հատուածէն սառ զէնք պահելու եւ կրելու հիմնաւոր կասկածով ձերբակալուած է բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն մէկը, որու մօտէն յայտնաբերուած է 60սմ շեղբի երկարութեամբ պատեանով սուր։
Դէպքի առթիւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 334-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, որու նախաքննութեամբ պարզուած է, որ բողոքի ցոյցի յիշեալ մասնակիցը 3 օր, մասնակցելով Երեւան քաղաքի Հանրապետութեան Հրապարակին մէջ կազմակերպուած հաւաքներուն, կրած է երկարաշեղբ սառ զէնք հանդիսացող սուր:
Վերջինիս նկատմամբ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 334-րդ յօդուածի 1-ին մասով յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում:
Քրէական վարոյթով նախաքննութիւնը կը շարունակուի: