image

«Եւրոտեսիլ 2023»-ը Ուքրանիոյ մէջ տեղի պիտի չունենայ

«Եւրոտեսիլ 2023»-ը Ուքրանիոյ մէջ տեղի պիտի չունենայ

«Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթի կազմակերպիչները դիմած են Մեծն Բրիտանիոյ` 2023-ին մրցոյթը այդ երկրին մէջ կայացնելու հնարաւորութիւնը քննարկելու համար: Կազմակերպիչները կը կարծեն, որ Ուքրանիան չի կրնար ընդունիլ զայնձ

«Առարկայական վերլուծութենէ յետոյ Ռեֆերենթ խումբն ու «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթի ղեկավարներու խորհուրդը զղջումով յանգած է այն եզրակացութեան, որ, հաշուի առնելով ներկայիս պայմանները, անվտանգութեան առումով իրավիճակն ու երաշխիքները, որոնք անհրաժեշտ են կայաման համար, UA:PBC-ի (Ուքրանիոյ հանրային հեռուստառատիոընկերութիւն) կողմէ չեն կրնար կատարուիլ «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթի կազմակերպումն ու կայացումը` մրցոյթի կանոններուն համապատասխան», ըսուած է Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան յայտարարութեան մէջ:

Միութեան յայտարարութեան համաձայն` բանակցութիւններ պիտի սկսին 2023-ին «Եւրոտեսիլ»ը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կայացնելու մասին: