Որպէս Եւրոխորհրդարանի անդամներ՝ մենք կը դատապարտենք ատրպէյճանական յարձակումը եւ ներթափանցումը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք, ինչ որ խախտում է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի մասին յայտարարութիւնը եւ լրջօրէն կը վտանգէ փխրուն խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պէտք է անյապաղ եւ ամբողջութեամբ դուրս բերուին Հայաստանի տարածքէն:
Եւրոխորհրդարանի մէկ տասնեակէ աւելի պատգամաւորներ նամակ յղած են Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելին՝ կոչ ընելով օգտագործելու բոլոր լծակները՝ կասեցնելու եւ կանխելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան խախտումը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը:
Պատգամաւորները նամակին մէջ յիշեցուցած են, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Նոյեմբեր 16-ին յարձակում գործած են Հայաստանի արեւելեան սահմանի երկայնքով:
«Որպէս Եւրոխորհրդարանի անդամներ՝ մենք կը դատապարտենք ատրպէյճանական յարձակումը եւ ներթափանցումը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք, ինչ որ խախտում է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի մասին յայտարարութիւնը եւ լրջօրէն կը վտանգէ փխրուն խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պէտք է անյապաղ եւ ամբողջութեամբ դուրս բերուին Հայաստանի տարածքէն», ըսուած է նամակին մէջ:
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները նշած են, որ խորապէս կը ցաւին յարձակման հետեւանքով մարդկային կորուստներու համար։ Անոնք շեշտած են՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան եւ հարաւային շրջաններուն մէջ բնակչութեան անվտանգութիւնը, խաղաղ, բնականոն կեանքը եւ մարդու իրաւունքները ոտնահարելուն ուղղուած որեւէ գործողութիւն կամ հռետորաբանութիւն պէտք է անյապաղ դադրեցուի։
«Կոչ կ'ընենք ԵՄ արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան՝ օգտագործելու իր բոլոր լծակները՝ կասեցնելու եւ կանխելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան խախտում, ինչպէս նաեւ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը», շեշտած են ԵԽ պատգամաւորները:
17 պատգամաւորներու շարքին են Եւրոխորհրդարանին մէջ ԵՄ-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Լուքաս Ֆուրլասը, կիպրացի պատգամաւոր Լեֆթերիս Քրիսթոֆորուն, գերմանացի պատգամաւոր Լարս Փաթրիք Պերկը, յոյն պատգամաւոր Եւա Քայիլին եւ այլք: