Եւրոպան պէտք է ռուս-ուքրանական հակամարտութեան աւարտէն ետք որոշակի պահի Ռուսիոյ հետ քննարկումներ կայացնէ եւրոպական անվտանգութեան ճարտարապետութեան վերաբերեալ: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն։
«Ամէն պարագայի, հազիւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի էջը շրջուի, հազիւ Ռուսիան իրեն համար նոր կողմնորոշիչներ սահմանէ…., երբ ժամանակը գայ, մենք, ակնյայտօրէն, ստիպուած պիտի ըլլանք, երբ մենք զօրաւոր ըլլանք, Ռուսիոյ հետ քննարկում կայացնելու եւրոպական անվտանգութեան ճարտարապետութեան վերաբերեալ», -ըսած է ան BFMTV հեռուստաալիքի եթերով։
Աւելի վաղ Քրեմլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը յայտարարած էր, որ Մոսկուան արձանագրած է Իտալիայէն, Ֆրանսայէն եւ Գերմանիայէն հնչող ազդանշանները Ռուսիոյ հետ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ եւ այդ կը համարէ արեւմտեան երկիրներու դիրքորոշումներու դրական զարգացում։