Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան պատժամիջոցները անջատած են կարգ մը ռուսական դրամատուներ SWIFT համակարգէն, ինչ որ մեկուսացուցած է ռուսերը համաշխարհային դրամատնային համակարգէն։ Այդ իսկ պատճառով, վերջիններս սկսած են գնել թուային դրամներ ինչպէս «Bitcoin»ը, որ կը վաճառուի պաշտօնական դրամատնային համակարգէն դուրս (առցանց գործող համակարգերու ճամբով)։
Ուքրանիոյ պատերազմի ֆոնին, Ռուսաստանի դէմ կիրարուած են տարբեր տեսակի պատժամիջոցներ: Վերջերս Եւրոպական Կեդրոնական դրամատունը մտահոգութիւն յայտնած է, թէ ռուսները կը գնեն թուային դրամներ (քրիբդոներ) շրջանցելու համար պատժամիջոցները: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Ալ Արապիա» կայքէն:
«Զիս ամէնէն շատ կ'անհանգստացնէ, որ մեծ քանակութեամբ ռուպլիներ կը վերածուին թուային դրամներու, Ռուսաստանի դէմ ֆինանսական պատժամիջոցներ կիրարուելէն ետք, անցեալ ամիս Ուքրանիոյ վրայ Ռուսաստանի յարձակումի հետեւանքով:»,- ըսած է Եւրոպական կեդրոնական դրամատան տնօրէն՝ Քրիսթին Լաքարտ, դրամատնային համաժողովի մը ընթացքին: Լաքարտ աւելցուցած է, որ թուային դրամները կ'օգտագործուին շրջանցելու պատժամիջոցները, որոնք սահմանուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու կողմէ Ռուսաստանի եւ կարգ մը որոշակի անձնաւորութիւններու դէմ:
«Եւրոպայի մէջ քայլեր առինք յստակօրէն մատնանշելու բոլոր անոնք, որոնք կը փոխանակեն, կը փոխանցեն կամ ծառայութիւններ կը մատուցեն թուային դրամին հետ կապուած»,- շարունակած է Լաքարտ:

Իր հերթին, Եւրոպական Միութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, ուր հաստատած, որ այս տեսակի դրամները նոյնպէս ներառուած են պատժամիջոցներուն մէջ:
Ի դէպ Լաքարտ եւ կարգ մը այլ համաշխարհային կեդրոնական դրամատուներու պահպանողականներ կը քննադատեն համացանցային արժոյթներն ու անոնց անկարգաւորութիւնը, որոնք բնորոշուած են անկայունութեամբ եւ կրնան մեծ կորուստներու ենթարկել ներդրողները:
Աղբիւրը նշած է, թէ Եւրոպական Կեդրոնական դրամատունը կը քննարկէ ստեղծել եւրոպական «թուային եւրօ» դիմակայելու թուային ու համացանցային արժոյթներու ելեւէջները: Եւ նշուած է թէ այդ թուային արժոյթը՝ CBDC պիտի ըլլայ եւրօ թղթադրամներու եւ մետաղադրամներու ելեկտրոնային տարբերակը: