Եւրոպական Միութիւնը յոյս ունի, որ 21 յուլիսին Պրիւքսէլի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միջեւ կայանալիք բանակցութիւններուն մէջ առաջընթաց կ'արձանագրուի:
«Բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդար եւ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու միակ միջոցն են։ Հետեւաբար, երկխօսութեան շարունակականութիւնն ու յստակ արդիւնքները վճռորոշ նշանակութիւն ունին գործընթացի համար, եւ մենք կ'ողջունենք Պաքուի մասնակցութիւնը յաջորդ հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ 21 յուլիսին Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ, ուր պէտք է հետագայ առաջընթացի հասնիլ», - նշուած է Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան մէջ։
Նաեւ նշուած է, որ Եւրոմիութիւնը կ'ողջունէ 14 մայիսին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան հովանու ներքոյ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ կայացած խաղաղ բանակցութիւնները, «որոնց ընթացքին երկու կողմերը հաստատած են իրար ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը»:
«1 Յունիսին Քիշնեւի մէջ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ առաջնորդներու մասնակցութեամբ հանդիպումը եւս մէկ անգամ ցոյց տուաւ անոնց հաւատարմութիւնը գործընթացին», - նշուած է յայտարարութեան մէջ: