Եւրոմիութիւնը քանի մը տասնեակ միլիոն եւրօ պիտի յատկացնէ Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Մոլտովայի զինուած ուժերուն աջակցելու համար: Եւրոպական խորհուրդը ընդունած է երեք երկիրներու ռազմական եւ պաշտպանական կարողութիւնները երեք տարուայ ընթացքին ուժեղացնելու նախաձեռնութիւնները։
Եւրոպական խորհուրդի յայտարարութեան մէջ, Խաղաղութեան եւրոպական մեխանիզմի շրջանակին մէջ նոր միջոցառումները ուղղուած են «ներքին կայունութեան եւ խաղաղութեան» ամրապնդման եւ չեն ենթադրեր մահաբեր զէնքի մատակարարում։
Ծրագրի շրջանակին մէջ Վրաստանը պիտի ստանայ 12,75 միլիոն եւրօ օգնութիւն, որպէսզի երկրին զինուած ուժերը կարենան «իրենց ծառայութիւնները մատուցել խաղաղ բնակչութեան ճգնաժամային կամ արտակարգ իրավիճակներու մէջ», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ։ Օգնութեան ծրագրով պիտի տրամադրուին բժշկական եւ ճարտարապետական սարքաւորումներ, ինչպէս նաեւ «քաղաքացիական նշանակութեան մեքենաներ»:
Մոլտովայի զինուած ուժերը պիտի ստանան 7 միլիոն եւրօ՝ բժշկական եւ ճարտարապետական ծառայութիւններու կարողութիւններու զարգացման համար։
Ուքրանիոյ պիտի յատկացուի 31 միլիոն եւրօ՝ երկրին «ընդհանուր կայունութիւնը բարձրացնելու» եւ զինուած ուժերու «ներուժը ուժեղացնելու» համար։ Միջոցները պիտի ուղղուին դաշտային հիւանդանոցներու եւ ռազմաբժշկական այլ հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ «ճարտարապետական, շարժական եւ լոքիսթիք ստորաբաժանումներու» ֆինանսաւորման: