Հայրենի քաղաքական գործիչ, «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան նախագահ՝ Արման Բաբաջանեան կը գրէ՝
Շատեր թերեւս չեն ալ պատկերացներ, թէ ինչ կարեւոր օր է այսօր:
Փետրուար 20-էն մեկնարկող Եւրոպական դիտորդական երկամեայ առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ որոշումը նորանկախ Հայաստանի թերեւս եզակի, ամենաինքնիշխան արտաքին քաղաքական որոշումն է:
Փոքր, թերեւս աննշան քայլ է, բայց Հայաստանը վերջապէս ինքնուրոյնաբար կը փորձէ յարափոփոխ այս աշխարհի մէջ իր տեղը, դիրքը հաստատել:
Կ'ողջունենք Հայաստանի իշխանութեան այս պատմական որոշումը:
Հաւատացած ենք, որ այն երկրի համար ճակատագրական նշանակութիւն պիտի ունենայ:
Այսուհետ Հայաստանի ռազմավարական վերակողմնորոշումը այլընտրանք չունի եւ այդ ուղղութեամբ կարեւոր քայլը առնուած է:
Որոշումը հեշտ չէ տրուած եւ հեշտ պիտի չտրուի: Այն իր մէջ բազմաթիւ վտանգներ կը պարունակէ, այդ շարքին՝ ներքին:
Չափազանց էական եւ կարեւոր է մեր երկրի պաշտպանունակութեան, անվտանգութեան համար այս գերզգայուն ժամանակներուն քաղաքական եւ քաղաքացիական շրջանակներու սթափ, զգօն, պատասխանատու վարքագիծը:
Մեզ բոլորս պէտք է միաւորէ ժողովրդավարական եւ ինքնիշխան Հայաստանի յարատեւութեան տեսլականը:
Մեր քաղաքական տարաձայնութիւններն ու տարբերութիւնները այսօր էական եւ կարեւոր չեն: Այս պատմական պահուն կ'առաջարկեմ կեդրոնանալ երկրի արտաքին եւ անկէ բխող ներքին մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու վրայ:
Միասնաբար կանգնինք երկրի պետականութեան պաշտպանութեան գործին եւ յաղթանակը Հայաստանինը պիտի ըլլայ, բոլորինս պիտի ըլլայ, Արցախինն ու համայն հայ ժողովրդինը պիտի ըլլայ: