image
Հրատապ լուրեր:

Եւրօ Միութեան դեսպանէն կարծիք. «Հայաստանի մէջ քաղ.բանտարկեալներ չկան»

Եւրօ Միութեան դեսպանէն կարծիք. «Հայաստանի մէջ քաղ.բանտարկեալներ չկան»

Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինէն Oragir.news-ը հետաքրքրուած է, թէ իր կարծիքով՝ ով է պատասխանատու դատարանի դահլիճին մէջ արտադրող Արմէն Գրիգորեանի մահուան համար։

Դեսպանը յորդորած է շուտափոյթ եզրահանգումներ չընել․

«Ես ինչքանով որ տեղեկացուած եմ, ան սրտի խնդիր ունէր։ Ես այդքանը գիտեմ եւ գիտեմ, որ ան ձերբակալուած էր մինչ այդ։ Ես արդէն ըսած եմ եւ կը կրկնեմ, որ նախնական կալանքի փուլին մէջ պէտք է տարբեր ծառայութիւններու մշտական հասանելիութիւն ըլլայ՝ անոնց առողջութեան պահպանման առումով»,- պատասխանած է Վիքթորին։

Հարցին՝  ի՞նչ տեղի կ'ունենայ եւրոպական երկիրներուն մէջ, երբ նման դէպք տեղի ունենայ, Անտրէա Վիքթորին պատասխանած է․

«Նմանատիպ դէպքերուն Եւրոպական միութեան մէջ, ի հարկէ, հետաքննութիւն  կ'իրականացուի։ Հետաքննութեան արդիւնքները պարզ կ'ըլլան, ինչպէս որ ալ ինծի ըսաւ արդարադատութեան փոխնախարարը, մենք բոլորս կը սպասենք հետաքննութեան արդիւնքներուն, նոյնը կ'ըլլայ նաեւ Հայաստանի մէջ։ Եկէք սպասենք, եկէք արագ եզրակացութիւններ չենենք»։

Լրատուամիջոցը հետաքրքրուած է նաեւ, թէ դիւանագէտի կարծիքով՝ այժմ Հայաստանի մէջ կա՞ն քաղբանտարկեալներ՝ նկատի ունենալով, որ բողոքի զանգուածային ցոյցերէն ետք շատերը դեռ կալանքի տակ են։ Վիքթորինի կարծիքով՝ այս պահուն քաղբանտարկեալներ չկան․

«Ես այս պահուն չեմ կրնար ըսել, որ Հայաստանի մէջ կան քաղաքական բանտարկեալի կարգավիճակ ունեցող անձինք։ Ի հարկէ, կան կալանաւորուածներ, անոնցմէ որոշ մարդիկ արդէն ազատուած են, բայց եկէք արագ եզրակացութիւններու չյանգինք, եկէք սպասենք, տեսնենք՝ ինչ որոշումներ կը կայացուին»,- պատասխանած է ՀՀ-ի մէջ ԵՄ դեսպանը։