image

«Եթէ Հայաստանը մերժէ Ռուսաստանի միջնորդութիւնը, ապա...». Ալիեւ աւելիով սեպ խրել կը փորձէ Հայ-ռուսական յարաբերութեանց մէջ

«Եթէ Հայաստանը մերժէ Ռուսաստանի միջնորդութիւնը, ապա...». Ալիեւ աւելիով սեպ խրել կը փորձէ Հայ-ռուսական յարաբերութեանց մէջ

Եթէ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջնորդութիւնը մերժուի Հայաստանի կողմէ, կը կարծեմ, որ այլընտրանք կրնան ըլլալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները։ Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ ընդունելով Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան անդամ պետութիւններու անվտանգութեան մարմիններու եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի 53-րդ նիստի մասնակիցներուն։

«Հոկտեմբեր 12-ին ռուսական կողմի առաջարկով պէտք է տեղի ունենար Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը Պիշքէքի մէջ։ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջնորդութիւնը մենք կ'ընկալենք երախտագիտութեամբ, քանի որ Ռուսիան՝ մեր հարեւանն ու դաշնակիցը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դաշնակիցը, կը գտնուի մեր տարածաշրջանին մէջ, ի տարբերութիւն անոնց, որոնք հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու են։ Մենք այս առաջարկը դրական ընկալած ենք, եւ մեր արտաքին գործոց նախարարը  պատրաստ է հանդիպելու ռուս եւ հայ գործընկերներու հետ։ Ցաւօք, հայկական կողմը այդ հանդիպումէն հրաժարած է։ Եւ ահա հիմա հարց կը ծագի. արդեօք Հայաստանը խաղաղութիւն կ'ուզէ՛։ Ես կը կարծեմ որ ոչ, որովհետեւ եթէ խաղաղութիւն ցանկար, չէր հրաժարեր այդ հնարաւորութենէն։ Հայաստանի վարչապետը 6 ժամ կը թռի Կրանատա, կը մասնակցի այնտեղ անհասկնալի հանդիպման, ուր կը քննարկուի Ատրպէյճանը առանց Ատրպէյճանի, իսկ 2-3 ժամով Պիշքէք թռիլ չի կրնար, կարեւոր գործեր ունի»,- նշած է ան։

«Մենք կը վերլուծենք որեւէ այլ բանակցային հարթակ՝ հաշուի առնելով իրենց միջնորդական ծառայութիւններն առաջարկող երկիրներու վերաբերմունքը ոչ թէ Ատրպէյճանին, այլ ճշմարտութեան եւ միջազգային իրաւունքին», -ըսած է Ալիեւ: