Արհ․ Տ․ Գէորգ Արքեպս․ Նորատունկեանը դեկտեմբեր 23-էն հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Ռուսիոյ հայ կաթողիկէ համայնքներուն մօտ։ Սա նորանշանակ Առաջնորդ Հօր առաջին եւ շատ սպասուած հովուական այցելութիւնն է այս համայնքներուն, ուր Սրբազան Հայրը Սուրբ Ծննդեան տօնական Պատարագներ մատուցած է Սոչիի Սուրբ Շմաւոն եւ Թադէոս առաքեալներու կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։
Սրբազան Հայրը Ռուսիա պիտի գտնուի մինչեւ Աստուածայայտնութեան տօնը ներառեալ։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած լրատւութիւնը։
Արհ․ Տ․ Գէորգ Արքեպս․ Նորատունկեանը դեկտեմբեր 23-էն հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Ռուսիոյ հայ կաթողիկէ համայնքներուն մօտ։ Սա նորանշանակ Առաջնորդ Հօր առաջին հովուական այցելութիւնն է այս համայնքներուն, որ շատ սպասուած էր․ հաւատացեալները հաւատաբորբ ջերմութեամբ եւ կարօտեալ զաւակներու հոգիով ընդունեցին իրենց հոգեւոր Առաջնորդի այցելութիւնը։ Սրբազան Հայրը դեկտեմբեր 24-ին եւ 25-ին Սուրբ Ծննդեան տօնական Պատարագներ մատուցեց Սոչիի Սուրբ Շմաւոն եւ Թադէոս առաքեալներու կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Պատարագներուն ներկայ էին Սոչիի, Ատլերի, Լազարեւսքի եւ Թուափսէի հաւատացեալներու բազմութիւնը։ Սոչիի Սուրբ Խաչի ժողովրդապետութիւնը նաեւ կը տօնէ իր հիմնադրման հինգերորդ տարեդարձը։
Արհ․ Տ․ Գէորգ Արքեպս․ Նորատունկեանն իր քարոզներուն մէջ խօսած է այն մասին, որ Յիսուս Մանկան Սուրբ Ծնունդը կը հրաւիրէ մեր սրտերը բանալու Տիրոջ ներկայութեան առջեւ, որ Յիսուսը խորհրդաւոր կերպով եւ իրապէս ծնի մեր սրտերուն մէջ եւ աճի, որ մենք օրէ օր զգանք Անոր ներկայութիւնը աւելի ու աւելի կենդանի եւ ազդեցիկ կերպով։ Երբ հաւատքի ներզգացումով գիտենք, որ Տէրը ներկայ է մեր մէջ, պէտք է Աստուծմէ շնորհ խնդրենք նաեւ Յիսուսը ուրիշներուն փոխանցելու համար․ ա՛յս է քրիստոնեայի առաքելութիւնը։ Սրբազան Հայրը վստահեցուցած է, որ մշտապէս իրեն յանձնուած հոգեւոր հօտի կողքին պիտի ըլլայ՝ իր ուժերու գերագոյն չափով։
Սուրբ Պատարագէն ետք տեղի համայնքի երեխաները գեղեցիկ համերգային ծրագրով մը ուրախացուցած են Սրբազան Հօրը եւ բոլոր ներկաները։ Համայնքի անունով գնահատանքի խօսքով հանդէս եկած է տկն․ Ֆլորա Աւետիսեանը։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնած է Առաջնորդ Հօր այցելութեան առիթով, որ կը նշանակէ, որ Առաջնորդը հայրական ուշադրութեամբ կը հետեւի Սոչիի հայ կաթողիկէներու հոգեւոր կեանքին։ Տիկին Աւետիսեանը նաեւ ուրախ էր, որ Սրբազան Հայրը պատրաստ է օգնելու տեղի համայնքին՝ լուծելու իր առջեւ ծառացած խնդիրները։ Ան խոստովանած է, որ խորապէս յուզուած եւ տպաւորուած էր Սրբազան Հօր հոգեշահ քարոզներէն։
Արհի․ Տ․ Գէորգ Արքեպս․ Նորատունկեանը դեկտեմբեր 26-ին այցելած է Թուափսէ քաղաքի հայ կաթողիկէ համայնքը եւ անոնց դիտաւորութեամբ Սուրբ Պատարագ մատուցած, որու ընթացքին խօսած է Մանուկ Յիսուսի Ծննդեան քարայրէն բխած սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամներու վերաբերեալ։
Սրբազան Հայրը Ռուսիա պիտի գտնուի մինչեւ Աստուածայայտնութեան տօնը ներառեալ։ Այս հովուական այցելութիւնը սրտի ջերմ փափաք էր նաեւ Սրբազան Հօր համար, որովհետեւ ինքը եւս 2007-2010 թուականներուն, որպէս ժողովրդապետ, ծառայած է Ռուսիոյ հայ կաթողիկէ համայնքներուն մէջ։