Տեղական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ եթէ Երեւան խաղաղութեան պայմանագիրին կարիքը չունի, Պաքուին ալ ատոր պէտք չունի:
«Մենք կրնանք ապրիլ առանց խաղաղութեան պայմանագիրի», շեշտած է Ալիեւ, որ նաեւ անդրադարձած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման հարցերուն՝ ըսելով. «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունուարին: Յամենայն դէպս, մենք այդպէս առաջարկած ենք»:
Սահմանազատման մասին
Յունուարին կրնայ տեղի ունենալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման հարցերու շուրջ բանակցութիւններու հերթական փուլը։ Այդ մասին ատրպէյճանական հեռուստաալիքներուն տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
«Այս ամիս (ամէն պարագայի, մեր նախաձեռնութեամբ) պէտք է կայանայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանազատման յանձնաժողովներու հերթական հանդիպումը, որ շարունակուի այս խնդրի լուծումը»,- նշած է ան։