Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը չափազանց կարեւոր է Ատրպէյճանի հետագայ յարձակումը զսպելու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ապահովելու համար։ Այս մասին X-ի էջին գրած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրենք Փալոնը:
Ան աւելցուցած է, որ ստորագրած է երկկուսակցական երկպալատ նամակն ուղղուած Քոնկրեսի առաջնորդներուն՝ կոչ ընելով անոնց ներառելու Հայաստանին ուղղուած անվտանգութեան աջակցութիւնը առաջիկայ լրացուցիչ ֆինանսաւորման օրինագիծին մէջ:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան 60 անդամներ, առաջնորդութեամբ ծերակուտական Ալեքս Փըտիայի եւ քոնկրեսական Աննա Էշուի՝ դիմած են թէ՛ Ծերակոյտի եւ թէ Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարներուն՝ կոչ ընելով յաւելեալ 10 միլիոն տոլարի ապահովական աջակցութիւն տրամադրելու Հայաստանին, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւն վերապրած արցախահայութեան՝ յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու։
Քոնկրեսականները իրենց դիմումին մէջ անդրադարձած են Ատրպէյճանի սադրանքներուն, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ շարունակուող բռնարարքներու վտանգին՝ նշելով. «Մենք յատկապէս մտահոգած ենք, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր բռնարարքները՝ ներխուժելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը։ Ալիեւ վերջերս հարաւային Հայաստանը անուանեց «արեւմտեան Ատրպէյճան» եւ կոչ ըրաւ՝ «ազատագրել»ու ութ հայկական գիւղերը Ատրպէյճանի սահմանի երկայնքին»:
Քոնկրեսականներ նշած են նաեւ, որ Հայաստանը յատկապէս խոցելի դարձած է, քանի որ «հեռացած է իր անվտանգութեան աւանդական երաշխաւոր Ռուսիայէն՝ աւելի սերտ կապեր հետապնդելով արեւմտեան ժողովրդավարութիւններու հետ»։
Ըստ քոնկրեսականներու՝ Կովկասի համար այս շրջադարձային փուլին մէջ, Ամերիկայի ղեկավարութիւնը պէտք է զսպէ Ատրպէյճանի հետագայ յարձակումները եւ հայերուն առիթ ընձեռնէ պաշտպանելու իրենց ժողովրդավարութիւնը։