image

Ետ կանգնիլ 2008 թուականի որոշումէն. Սերկէյ Ռիապքով

Ետ կանգնիլ 2008 թուականի որոշումէն. Սերկէյ Ռիապքով

Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռյապքով ըսած է, թէ Ռուսաստանը կտրականապէս դէմ է Ուքրանիոյ անդամակցութեան ՆԱԹՕ-ին եւ պիտի պայքարի անոր դէմ։

«Մենք միանշանակ կը պահանջենք ետ կանգնիլ ՆԱԹՕ-ի` 2008 թուականին Պուխարեսթի գագաթաժողովին ընդունուած որոշումէն, ըստ որու՝ Ուքրանիան ու Վրաստանը պիտի դառնան ՆԱԹՕ-ի անդամ։ Այդ պէտք է չեղարկել, վերանայիլ, ու այդ ժամանակ կարելի է ըսել, որ չնայած փոքր, բայց այնուամենայնիւ ճիշդ ուղղութեամբ քայլ կատարուած է»։

Անոր խօսքով` Արեւմուտքի կողմէ նման պատրաստակամութիւն չկայ, ուստի Ռուսաստանը ԱՄՆ-ին եւ անոր դաշնակիցներուն ներկայացուցած է համալիր, համապարփակ ձեւակերպուած իր առաջարկները։ «Ամբողջ շարք մը հարցեր, որոնք շուտափոյթ լուծում կը պահանջեն», ըսած է Ռյապքով։