image

«Ես ուզում եմ, որ մեր շարժումը շատ առարկայական դառնայ». ՀՀ գրողներու միութեան նախագահ

«Ես ուզում եմ, որ մեր շարժումը շատ առարկայական դառնայ». ՀՀ գրողներու միութեան նախագահ

Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ սրբազանի առաջնորդութեամբ երթը հասած է ՀՀ գրողներու միութիւն, ուր անոնց դիմաւորած է միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը։

Միլիտոնեանը ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է, որ բոլորի նպատակը պետականութեան պահպանումն է, եւ ամէն մէկն իր տեղը, իր գործով պէտք է կարողանայ համերաշխութիւն ձեւաւորել բոլորի, այդ շարքին` ընդդիմութեան–իշխանութեան միջեւ։

Հարցին` արդեօք Միլիտոնեանն ու միութեան անդամները կը միանա՞ն շարժման, Գրողներու միութեան նախագահը պատասխանած է, որ իրենք բոլորը հարցեր ունին իշխանութեան, օրինակ` Գրողներու միութիւնը ՀՀ դատախազութեան հետ քննարկումներու մէջ է` միութեան շէնքի եւ գոյքի հետ կապուած։

«Ես ուզում եմ, որ մեր շարժումը շատ առարկայական դառնայ, օրակարգերը յստակեցուեն։ Ես կ՚առանձնացնէի սրբազանի առաջ քաշած հաշտութեան գաղափարը։ Ես արուեստի իմ բոլոր գործընկերներին յորդորում եմ լինել միասնական։ Սա այն երդումն է, որ Չարենցն է պատգամել մեզ` կուռ միասնականութիւն, ուժ, ամրութիւն, եւ ամէն մէկս պայքարենք մեր պետականութեան համար»,– յայտարարած է ան։

Ճեպազրոյցէն ետք Բագրատ սրբազանի գլխաւորութեամբ միութենէն ներս քննարկում տեղի ունեցած է Գրողներու հետ։