Նախագահ Տոնըլտ Թրամբը փակ դռներու ետեւ կայացած հանդիպման ժամանակ յստակ հասկցուցած է հանրապետական ծերակուտականներուն, որ ռուսական S-400 համակարգի ձեռքբերման կապակցութեամբ, չի ցանկար պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ: Այս մասին յայտնած է CNN-ը՝ վկայակոչելով երկու հանրապետական աղբիւրները:
Ծերակուտականներէն մէկը ըսած է, որ Թրամբի այս դիրքորոշումը հիացմունք չառաջացներ այն հանրապետականներուն մօտ, որոնք հանդիպման ընթացքին վրդովմունք յայտնած են:
Օրէնսդիրները նշած են, որ ԱՄՆը գնման առնչութեամբ ուրիշ ելք չունի, բացի Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելէ՝ հիմնուելով պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու օրէնքի վրայ, սակայն Թուրքիոյ կարգավիճակը՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակից կը դժուարացնէ իրավիճակը:
Թրամբ հրապարակաւ հասկցուցած է, որ չի ցանկանար Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառել եւ մեղադրած է Օպամայի վարչակազմը, որու պատճառաւ Անգարան ձեռք բերած է S-400ը, քանի որ ան հրաժարած է Թուրքիոյ վաճառել հրթիռային համակարգի ամերիկեան այլընտրանքը:
Երեքշաբթի, հանդիպման ժամանակ Թրամբը անգամ մը եւս դժգոհած է իր վարչակազմի՝ Թուրքիոյ F35 ծրագրէն բացառելու որոշումէն, ծերակուտականներուն ըսելով, որ ինք կը ցանկայ որ Թուրքիան կարենայ գնել կործանիչները:
Վերլուծաբաններու կարծիքին համաձայն, օրէնքը, որ կը պահանջէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու կիրառում, կը նախատեսէ, որ առաջին հերթին գործէ գործադիր իշխանութիւնը, Թրամբին ազատութիւն չտալով բացառութիւն մը ընել Թուրքիոյ համար: