Ամառնային խիստ տաք եղանակը պատճառ դարձած է որ Թուրքիա անգամ մը եւս յայտնուի անտառային հրդեհներու բովին մէջ։
Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Մարմարա»ն, նշելով նաեւ, որ արդէն երկու օրէ ի վեր Իզմիր նահանգի մէջ անտառային հրդեհներ կը մոլեգնին։ Կրակը մօտեցած է բնակելի տարածքներու։ Հրշէջ ծառայութեան բազմաթիւ խումբեր ընդգրկուած են կրակը մարելու գործընթացին մէջ, բայց անտառները կը վերածուին մոխրակոյտի։
Վտանգաւոր կացութիւն կայ Պերկամայի ու Սառնըչի մէջ, ուր հրդեհը շատ մօտեցած է բնակելի տարածքներուն։ Հոն ուր վիճակը ծայրայեղ ծանր է, բնակիչները տարհանուած են։ Դժբախտաբար անկարելի եղած է փրկել ընտանի անասուններու հօտերը, նաեւ մեղուներու բազմաթիւ փեթակներ։
Բնութեան այլ աղէտ մըն ալ կը մոլեգնի Էրզրում նահանգի մէջ։ Այստեղ գլուխ բարձրացուցած են յորդառատ անձրեւները, հեղեղելով բազմաթիւ շրջաններ եւ վարելահողեր։