Քանի դեռ Իսրայէլի հարցը չէ լուծուած, կարելի չէ ունենալ տեւական խաղաղութիւն եւ ամբողջական միջազգային իրաւակարգ՝ ո՛չ մեր տարածաշրջանին մէջ, ո՛չ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Ուզպեքիստանէն վերադառնալէն ետք, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին, ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։
Ըստ Anadolu գործակալութեան՝ ան դիմած է Արեւմուտքին կոչ ընելով ճնշում գործադրելու Իսրայէլի վրայ՝ Կազայի մէջ հրադադար հաստատելու հարցով։
«Թուրքիան ջանքեր կը գործադրէ Կազայի մէջ արիւնահոսող այս վէրքը կասեցնելու համար։ Եթէ Միացեալ Նահանգները կիսէ այս մօտեցումը, ապա Իսրայէլին կանգնեցնելը շատ աւելի հեշտ կ՚ըլլայ»,-ըսած է Էրտողան։