image

Էրտողանի պատճառով մեր դեսպանը այնտեղ պիտի չվերադառնայ. Իսրայէլի ԱԳ Նախարար

Էրտողանի պատճառով մեր դեսպանը այնտեղ պիտի չվերադառնայ. Իսրայէլի ԱԳ Նախարար

Իսրայէլի դեսպանը պիտի չվերադառնայ Թուրքիա, քանի դեռ երկրին մէջ իշխանութեան ղեկին Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն է, յայտարարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենը։

«Քանի դեռ Էրտողանը Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան ղեկին է, մեր դեսպանը պիտի չվերադառնայ Անգարա»,- գրած է նախարարը X-ի էջին:

Ինչպէս բացատրած է Քոհենը, Իսրայէլի դեսպանը ետ կանչելը «ճիշդ» եւ «արդարացուած» որոշում էր:

Դեկտեմբեր 27-ին Էրտողանը Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ ելոյթի ժամանակ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն համեմատած էր նացիստական Գերմանիոյ առաջնորդ Ատոլֆ Հիթլերի հետ։

«Նաթանիահուի գործողութիւնները կը տարբերի՞ն Հիթլերի գործողութիւններէն: Ան աւելի հարուստ է, քան Հիթլերը: Իսրայէլը աջակցութիւն կը ստանայ Արեւմուտքէն, բոլոր տեսակի աջակցութիւն կու գայ Ամերիկայէն»,-ըսած էր Էրտողան։

Նաթանիահուն ըսած է, որ Էրտողանը «վերջին անձն է, որ կրնայ բարոյական խրատ կարդալ մեզի»՝ երկրին մէջ քիւրտերու էթնիք զտումներու եւ լրագրողներու նկատմամբ հետապնդումներու լոյսին տակ: