image

Էրտողանի խօսքէն ետք Իսրայէլ տուն կանչեց իր բոլոր դիւանագէտները

Էրտողանի խօսքէն ետք Իսրայէլ տուն կանչեց իր բոլոր դիւանագէտները

Իսրայէլ ետ կանչած է իր դիւանագէտները Թուրքիայէն՝ վերագնահատելու երկկողմանի յարաբերութիւնները՝ հաշուի առնելով Թուրքիոյ քաղաքական ղեկավարութեան, մասնաւորապէս՝ երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնները։ Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոէն:

«Թուրքիոյ յայտարարութիւններու ոճի սրման ֆոնին ես հրամայեցի ետ կանչել մեր դիւանագիտական ​​ներկայացուցիչները Թուրքիայէն՝ իսրայէլեան-թրքական յարաբերութիւնները վերագնահատելու նպատակով»,- ըսած է նախարարը, որուն խօսքերը տարածած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։