image

Էրտողանի հայեացքը միշտ ... դէպի Եւրոպա

Էրտողանի հայեացքը միշտ ... դէպի Եւրոպա

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանի հայեացքը միշտ ալ ուղղուած եղած է Եւրոպական Միութիւն եւ 2005-էն ի վեր ձգտում ունեցած է, որ Թուրքիան անդամ դառնայ Եւրոպական Միութեան:   Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն  դուրս   գալէ  ետք, Էրտողան կրկին ցանկութիւն յայտնած է յարաբերութիւնները վերականգնելու Եւրոպական Միութեան հետ, յոյս յայտնելով, որ 27 երկիրներէ բաղկացած այս միութիւնը կ'ունենայ նոյն   փափաքը:

Յիշեցնենք, որ Էրտողանի յարաբերութիւնները Եւրոպայի հետ եւ ի մասնաւորի Յունաստանի եւ Ֆրանսայի հետ լարուած են Թուրքիոյ վարած արտաքին քաղաքականութեան հետեւանքով, կապուած Արեւելեան Միջերկրականի եւ Միջին Արեւելքի հետ: 

Փորձելով ներգրաւուիլ Միութեան կազմին մէջ մանաւանդ Բրիտանիոյ «Պրեքզիթ»-էն ետք, Էրտողան իր խօսելաոճը Եւրոպական երկիրներու հանդէպ մեղմացուցած է: Ան, որ Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքքրոնի հետ անհատական տարաձայնութիւններ ունէր, պատրաստակամութիւն յայտնած է վերանայելու Փարիզի հետ յարաբերութիւնները, «Մենք կը ցանկանք լարուածութենէ դուրս հանել մեր յարաբերութիւնը Ֆրանասայի հետ»,-  ըսած է Էրտողան:

Եւրոպայի կողմէ կիրառուած պատժամիջոցները Թուրքիոյ նկատմամբ, խորացուցին   երկրի   տնտեսական     տագնապը  եւ  ազդեցին Էրտողանի ժողովրդականութեան վրայ:

Իր հերթին Էրտողան ակնարկած է, թէ Թուրքիոյ ձգտումը ընդունուելու Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ կրնայ նոր թափ ստանալ մանաւանդ Բրիտանիոյ դուրս ելլելէն ետք: 

«Կարելի է յաղթահարել «Պրեքզիթ»-ի հետ յառաջացած անորոշութիւնը, երբ Թուրքիան գրաւէ իր արժանի տեղը Եւրոպական Միութեան մէջ»,- ըսած է Էրտողան աւելցնելով, որ Թուրքիան երբեք չէ հրաժարած Եւրոպական Միութեան լիարժէք անդամ ըլլալու նպատակէն: 

Միւս կողմէ Եւրոպան մտահոգութիւններ ունի Թուրքիոյ կապակցութեամբ, մասնաւորապէս մարդու իրաւունքներու վերաբերող հարցերով, յատկապէս, որ Էրտողան սաստկացուցած է իր բռնապետական ճնշումները 2016-ի յեղաշրջման փորձէն ետք:

Ըստ Էրտողանին, 2021 տարին կարելի է ընել համերաշխութեան տարի մը Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ: