Ռմբակոծումը սաստիկ էր, մեր թաղը տուն առ տուն թիրախ էր: Բոլորիս համար նոր սկսած պատերազմը անսովոր ու սարսափազդու երեւոյթ էր: Մօրս վիզին փաթթուած բարձրաձայն կու լայի։ Խեղճս հազիւ ինքզինք բռնած, իր կանաչ աչքերով զիս կը դիտէր...: Այդ նայուածքը յիշողութենէս բնաւ չի հեռանար: Նայուածք մը, որուն մէջ հարիւր տեսակ անպատասխան հարցում կը կարդայի: Իր վիճակին քաջ տեղեակ էր...: Մեզ ո՞ւր ձգէր. քոյրս տակաւին ութ տարեկան չէր, եղբայրս ու ես պատանի էինք, հայրս երիտասարդ էր։
Այդ նոյն կանաչ հայեացքով, արթնութեան ու զգաստութեան կոչ կ՚ուղղէր: Պէտք էր զօրանայինք, կորուստին, պատերազմին, սուգին հետ հաշտուէինք։ Միասնաբա՛ր ցաւերը դիմագրաւէինք ...:
_ Այո՛, քո՛յրս, այդ յաջորդական ցաւերը՝ 45 տարիներու ընթացքին, ապրեցանք մեր ուրոյն ոճով, պայքարեցանք մեր անհատական ուժերով... Առանց ծնողքի մնացինք, բայց «որբեր» չեղանք: Ներքին զօրութեամբ՝ ամէն մէկ հարուածի հետ, աւելի ճկուն, ամուր ու ամբողջական դարձանք։
Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս բացատրեմ, մայր ունենալը ինչպէ՞ս կ'ըլլայ... մոռցած եմ:
_ Արփի՛, ջա՛նս, չեմ գիտեր ինչպէս բացատրեմ. սխալ չհասկցուիմ, բայց մայր ունենալը ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ՝ մոռցած եմ: Գիտեմ, որ ցաւս մեղմացնելու համար պէտք էր մայրս փնտռէի, գլուխս կուրծքին դնէի, իր աչքերուն մէջ արցունքս տեսնէի, նեղ ժամերուս իր նեցուկը հայցէի ու մերժուած չզգայի։
_ Քո՛յրս, 45 տարի առանց մօր ապրիլը, քիչ ժամանակ չէ. բնական է, որ կարգ մը բաներ բթանան։
_ Այո՛, 45 տարի ինքնուրոյն ապրելով, ժամանակին դաժանութեան ու պայմաններուն յարմարելով, մոռցած եմ «արդար» իրաւունքս՝ մայրական հոգածութիւն ցանկալու։ Թէեւ յիշողութեանս մէջ ամուր տպուած են մօրս հետ ապրած տասնվեց տարիներուս ուղեկցող սէրն ու խնամքը:
Վարդագոյն եւ փայլուն մաշկով մայրս՝ իր կանաչ հրեշտակային հայեացքով, անմեղութեան ու անսակարկ սիրոյ ամէնէն բարի տիպարն էր: Կարծես չարը վրէժ կը լուծէր այդ բարի էակէն եւ անողոք քաղցկեղը կը տեղադրէր անոր երիտասարդ կուրծքին մէջ: Չարը անտեղեակ էր, թէ ինք վեց տարի, յամառ պայքար պէտք էր մղէր, մինչեւ որ մօրս անխորտակ կամքը ընկճէր:
Մայրս ամբողջ թաղին հիւրընկալն էր: Մեր տան գետնայարկ ըլլալը շատ նպաստած էր իր մարդասէր ու բարի խառնուածքին: Ով որ դարմանատուն պիտի հանդիպէր, դայեակ Արմենուհիին պիտի այցելէր, եկեղեցիէն թուղթ մը պիտի վերցնէր կամ փերեզակներէն գնում պիտի ընէր, իր «շունչը» մեր տունէն կ՚առնէր։ Մեր տունը սպասման սրահ էր, խոհանոց էր, սուրճ էր, սէր էր, ժպիտ էր...: Անշուշտ միակ գանգատողը ես էի, որովհետեւ լուացարանին կուտակուած սուրճի գաւաթները իմ ճիտիս պարտքն էին:
«Նուրիձա՛, հարսնիք ունինք, մեզի հագուստ կը ձեւե՞ս», «Բրդեայ գազակիս սկիզբի քանի մը տողերը կը հիւսե՞ս», «Աղջկաս ձեռագործին կ'օգնե՞ս»...: Տան մէջ միշտ իմ բարկութիւնս գրգռող, շարան մը կտաւեղէն ու բրդեղէն կար. չըսելու համար՝ ուրիշներուն «ղալապալըխը»: «Ո՛չ» բառը մօրս բառարանին մէջ գոյութիւն չունէր:
Մայրապետներուն քով իր սորված ֆրանսերէնով եւ թուաբանութեամբ, շարք մը դպրոցականներու շարադրութեան կ՚օգնէր եւ անոնց թուաբանական խնդիրները կը լուծէր: Հանգիստ ու դադար չունէր. դուռ դրացիին, ազգականին, բարեկամին եւ մեր հինգ հոգինոց ընտանիքին բոլոր պէտքերը լի ու լի կը կատարէր:
Պատերազմը եւ քաղցկեղը իր ողնայարը կոտրեցին: Պէյրութի արեւմտեան կողմը գտնուող՝ Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ կը բուժուէր: Պատերազմին ստեղծած անցարգելներուն եւ սահմաններուն պատճառով, իր բժշկական թղթածրարը փոխադրեցին Պէյրութի արեւելեան կողմը գտնուող հիւանդանոց մը: Ձախող բուժման բոլոր երեւոյթները խեղճ մօրս վրայ ի յայտ եկան...: Ձախ թեւը իր ծաւալով՝ աջ թեւին եռեակ չափը ստացաւ: Մեծ քանակութեամբ ճառագայթ (radiotherapy) ստանալուն պատճառաւ, իր կուրծքին վրայ ահռելի վէրքեր բացուեցան: Ինծի համար այդ վէրքերը դարմանելը, իրենց տեսքով ու հոտով, խիստ դժուար էր...:
Մայրս յաճախ կ՚ըսէր. «Հիւանդութենէս չեմ դժգոհած, այլ ձանձրացած եմ մարդոց տեղատարափ հարցումներէն»: Ոմանք բան մը ըսելու սիրոյն կը ձաբռտէին. «Դէմքէդ բնաւ չ՚երեւիր, որ հիւանդ ես», «Արապի բժիշկ մը կայ, անոր գնա՛»: Ամէն պատահական անցորդ, կա՛մ խորհրդատու էր, կա՛մ ալ՝ բժիշկ:
Մօրս Վեցամեայ տառապանքը աննկարագրելի ցաւոտ էր: Նպատակս տառապանքին տարողութեան անդրադառնալը չէ, բայց յիշատակութեան արժանի է, իր աննկուն կամքն ու ներքին զօրութիւնը:
Մեր տան մէջ վխտացող ոտքերը՝ կարող, հիւսող, սուրճ խմողները... բոլորը վերացած էին: Պարզ էր... մօրս նահանջած կարողութիւնները հազիւ իր ցաւին կը բաւէին…։
Ռմբակոծումը սաստիկ էր, մեր թաղը տուն առ տուն թիրախ էր: Բոլորիս համար նոր սկսած պատերազմը անսովոր ու սարսափազդու երեւոյթ էր: Մօրս վիզին փաթթուած բարձրաձայն կու լայի։ Խեղճս հազիւ ինքզինք բռնած, իր կանաչ աչքերով զիս կը դիտէր...: Այդ նայուածքը յիշողութենէս բնաւ չի հեռանար: Նայուածք մը, որուն մէջ հարիւր տեսակ անպատասխան հարցում կը կարդայի: Իր վիճակին քաջ տեղեակ էր...: Մեզ ո՞ւր ձգէր. քոյրս տակաւին ութ տարեկան չէր, եղբայրս ու ես պատանի էինք, հայրս երիտասարդ էր։
Այդ նոյն կանաչ հայեացքով, արթնութեան ու զգաստութեան կոչ կ՚ուղղէր: Պէտք էր զօրանայինք, կորուստին, պատերազմին, սուգին հետ հաշտուէինք։ Միասնաբա՛ր ցաւերը դիմագրաւէինք ...:
_ Այո՛, քո՛յրս, այդ յաջորդական ցաւերը՝ 45 տարիներու ընթացքին, ապրեցանք մեր ուրոյն ոճով, պայքարեցանք մեր անհատական ուժերով... Առանց ծնողքի մնացինք, բայց «որբեր» չեղանք: Ներքին զօրութեամբ՝ ամէն մէկ հարուածի հետ, աւելի ճկուն, ամուր ու ամբողջական դարձանք։
Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս բացատրեմ, մայր ունենալը ինչպէ՞ս կ'ըլլայ... մոռցած եմ:
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան