image

Էրտողան փափաք յայտնած է հանդիպիլ Պաշշար Ասատի հետ

Էրտողան փափաք յայտնած է հանդիպիլ Պաշշար Ասատի հետ

Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողան փափաք յայտնած է հանդիպիլ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, եթէ Սուրիոյ ղեկավարը մասնակցի Ուզպեքստանի մէջ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին, գրած է թրքական կառավարամէտ Hurriyet թերթը: Սակայն Ասատ գագաթաժողովին չէ ժամանած։

Հաղորդումը յայտնուած է այն բանէն ետք, երբ չորս աղբիւրներ Reuters-ին յայտնած էին, որ թրքական հետախուզութեան ղեկավարը վերջին շաբաթներու ընթացքին քանի մը հանդիպում ունեցած է իր սուրիացի գործընկերոջ հետ Դամասկոսի մէջ:

Hurriyet-ի սիւնակագիր Ապտլ Քատէր Սելվին յայտնած է, որ Էրտողան Ասատի մասին մեկնաբանութիւններն ըրած է երկուշաբթի՝ իշխող ԱԶԿ կուսակցութեան դռնփակ հանդիպման ժամանակ։

«Ես կը փափաքէի, որ Ասատ գար Ուզպեկստան, եւ ես խօսէի անոր հետ։ Բայց ան չի կրնար այնտեղ գալ»,- կուսակցական ժողովի ժամանակ Էրտողանի խօսքերը մէջբերած է Սելվին։ «Ան պատերազմի գնաց ապստամբներու հետ՝ իր իշխանութիւնը պահելու համար։ Ան որոշեց պաշտպանել իր իշխանութիւնը։ Ան կը մտածէր իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու պաշտպանութեան մասին։ Բայց ան չկրցաւ մեծ տարածքներ պաշտպանել»,- ըսած է Էրտողան: