Թուրքիոյ ներքին գործերու նախկին նախարար Սաատետտին Թանթան երկրի քաղաքական ընդդիմութեան խորհուրդ տուած է բանավէճի մէջ չմտնել «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) առաջնորդ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ։ Ան պարզապէս նշած է, որ եթէ ընդդիմութիւնը չխօսի, Էրտողանը կ'ինքնաոչնչանայ։
Այս մասին իր սիւնակին մէջ գրած է թրքական «Sözcü» թերթի լրագրող Սայկը Օզթիւրքը։ Վերջինս հատուածներ ներկայացուցած է Սաատետտին Թանթանի հետ ունեցած իր զրոյցէն։
«Եթէ ընդդիմութիւնը չխօսի, ԱԶԿ-ի ղեկավարը կ'ինքնաոչնչանայ։ Ան այս պահուն խուճապի մեջ է։ Արեւմուտքէն աջակցութիւն կը խնդրէ, կ'ապրի խալիֆայութեան պատրանքով։ Շատ մեծ հարստութիւն կուտակած է։ Գիտէ, որ պիտի չկարենայ վայելել այդ հարստութիւնը։ Անոր ոտքի վրա կը պահեն միայն ընդդիմադիր կուսակցութիւններու առաջնորդներն ու խօսնակները», շեշտած է Թանթան։
Նախկին նախարարը նաեւ նշած է, որ ԱԶԿ-ի մէջ պայքար կայ իշխանութեան համար։ Ան մասնաւորապէս ընդգծած է, որ Էրտողան ընդդիմութեան՝ «մի՛ ձգտիք իշխանութեան» ըսած ատեն, իրականին մէջ ուղերձ կը յղէ նաեւ իր կուսակցական գործընկերներուն։ Ըստ Թանթանի՝ Էրտողան այդպիսով կը հասկցնէ, որ պէտք չէ հեռանալ իրմէ, քանի որ իր ձեռքէն իշխանութիւնը ոեւէ մէկը չի կրնար վերցնել։
Լուրը՝ «Էրմէնիհապէր»էն: