image

Էրտողան եւ թրքական լիրան

Էրտողան եւ թրքական լիրան

 

 

 Ներկայիս թրքական լիրայի արժէքի փոփոխութեան հետեւողը յստակ եւ անկասկած կը տեսնէ, որ անոր արժէքը կտրուկ անկումի մէջ է տոլարի նկատմամբ Թուրքիոյ եւ համաշխարհային սակարաններուն մէջ։

Բոլոր լրատուական աղբիւրները, նոյնիսկ Թուրքիոյ վարչակարգին բարեացակամ, կը հաստատեն թրքական լիրայի արժէքի անկումը ԱՄՆ-ի տոլարի նկատմամբ ամենացած մակարդակի մը, որովհետեւ անոր փոխարժէքը մէկ տոլարի դէմ 12 լիրա գերազանցած է 2021-ի Նոյեմբեր 24-ին։ Իսկ մէկ շաբաթ ետք երբ Թուրքիոյ նոր ելեւմտական նախարարը նշանակուեցաւ լիրային արժէքը հասաւ 14 լիրայի տոլարի դէմ։ 

Թրքական լիրայի արժէքի շարունակական անկումը երբեք զարմանալի չէ եղած տեղական եւ համաշխարհային դրամատուներու եւ սակարաններու համար, որովհետեւ 2005-ին լիրայի զէրօները ջնջելէն ետք այդպէս եղած է անոր վիճակը, սակայն նորութիւնը այն է, որ ան մեծ կորուստ արձանագրած է ԱՄՆ տոլարի նկատմամբ երբ արժէքը վերջինին համեմատ հասած է 14 լիրայի, մինչդեռ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան կը շարունակէ իր դրամական քաղաքականութեան հաւատարիմ մնալ դրամատուներու տոկոսները կրճատելով եւ նուազեցնելով առանց իր գործընկերներու խորհուրդները ու առաջարկները ընդունելու։

Յունուար 1, 2005-ին թրքական լիրայի արժէքէն վեց զէրօ չեղեալ յայտարարուեցաւ։ 2004-ի վերջերը լիրայի փոխարժէքը հասած էր 1,350,000 լիրայի մէկ տոլարի դէմ. Թրքական թղթադրամը տպուեցաւ Թուրքիոյ մէջ եւ շուկայ ելաւ 6 արժէքներով։ 1, 5, 10, 20, 50 եւ 100 լիրայով. զէրօներու ջնջումի պատճառը այն էր որ 30 տարիէ ի վեր Թրքական լիրան շարունակ արժէքազրկուած եղած է, եւ շուկայի մէջ մէկ միլիոն լիրան որեւէ արժէք չունէր, իսկ 20,000,000 լիրայի (20 միլիոն լիրա) դրամանիշը աշխարհի մէջ ամենամեծն էր եւ կ՚օգտագործուէր միայն Թուրքիոյ մէջ: 2005-ին զէրօներ ջնջելու քաղաքականութիւնը հաստատելէն ետք տոլարի արժէքը մէկուկէս լիրայէն  պակաս էր (1.350 լիրա):

Այդ ճգնաժամէն յետոյ լիրան շարունակեց կորսնցնել իր արժէքը, սակայն ընդունելի եղանակով միշտ ազդուելով Թուրքիոյ կառավարութեան եւ Էրտողանի քաղաքականութեան որոշումներով, որոնք պատճառ եղան այս տարուայ (2021 թ.) սկիզբէն տոլարի փոխարժէքը զգալիօրէն բարձրանալու լիրայի դէմ: Լիրայի արժէքի այս անկումի հիմնական պատճառներէն մէկը Թուրքիոյ նախագահի պնդումն է դրամատուներու տոկոսները կրճատելը: Կառավարութեան ներքին ընդդիմադիրները, որոնք Էրտողանի որոշումներուն դէմ էին, անոնցմէ ազատուելու եւ իր որոշումը պարտադրելու համար Էրտողանը վերջին երկու տարիներու ընթացքին հեռացուց Կենտրոնական Դրամատան երեք կառավարիչներ եւ քաղաքական յանձնաժողովի բոլոր անդամները, որոնք դէմ էին իր որոշումներուն, ինչպէս նաեւ Կենտրոնական Դրամատան դրամավարկային քաղաքականութեան կոմիտէի անդամներուն, որոնք նմանապէս դէմ էին անոր քաղաքականութեան, այդպէսով լիրան տոլարի նկատմամբ աւելի ցածր մակարդակի հասաւ, որովհետեւ ըստ տնտեսագէտներուն, պէտք է տոկոսները բարձրանան, երբ դրամի մը արժէքը կինայ, որ դրամը շուկաներէն քաշուի դէպի դրամատուները, սակայն Թուրքիոյ նախագահի քաղաքականութիւնն է նուազեցնել տոկոսները խթանելու արտադրութեան եւ առեւտուրի ոլորտը դրամատուներէն աւելի ցած տոկոսներով վարկ ստանալով: 

Թրքական լիրան զգայուն է արտաքին ճգնաժամերու նկատմամբ, յատկապէս ԱՄՆ-ի հետ ճգնաժամերու նկատմամբ, և որեւէ լարուածութիւն Թուրքիոյ ու ԱՄՆ-ի միջեւ անպայման բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ թրքական լիրայի վրա։ Մենք կը յիշենք Թուրքիոյ մէջ բանտարկութեան դատապարտուած ամերիկացի քարոզիչ Անտրօ Պրօնսընի խնդիրը, և թէ ինչպէս Թուրքիոյ համար շատ ծանր եղան անոր կալանքի հետեւանքները։ Ամերիկան  քանի մը տնտեսական որոշումներ հաստատեց Թուրքիոյ դէմ, որոնք մէկ երկու օրուայ ընթացքին լիրային մեծ վնաս հասցուցին եւ ան զգալի տոկոսով իր արժէքը կորսնցուց. Էրտողան ստիպուած ազատ արձակեց Անտրօ Պրօնսընը. լիրան վերականգնեցաւ այդ դէպքէն ետք՝ եւ ետ վերադարձաւ այն մակարդակին, ուր որ էր։ Հոս արժանի է յիշել որ Քադարի կառավարիչ Շէյխ Թամիմ Պըն Համէտ այդ ճգնաժամին օգնութեան հասաւ հինգ միլիարդ տոլարի ներդրումով իր դաշնակց Էրտողանին, որուն հետ միասին պայքարի մէջ էին Սէուտական Արաբիոյ ու Արաբական Իմարաթներու զոյգի դէմ։

Թրքական լիրան 2000 թիւէն ի վեր կը հետևի ազատ փոխանակման համակարգին, որ կը նշանակէ ան ենթակայ է շուկայի առաջարկին և պահանջին, սակայն Թուրքիոյ նախագահը մտահոգուած է ինչ որ ինք համոզուած է որ դուրսէն Թուրքիոյ դէմ դաւադրութիւններ կը կատարուին: Էրտողանը կը կարծէ որ 2016 թուականի յեղաշրջումի ձախողումէն յետոյ Արևմուտքը կը փորձէ Թուրքիան տկարացնել այլ միջոցներով, մոռնալով որ յեղաշրջումի իրականացնողը իր գործընկեր իսլամ մտաւորական և քարոզիչ թուրք Ֆեթուլլահ Կիւլէնն էր։ Ամենայն դէպս ԱՄՆ-ն եւ արեւմտեան երկիրներուն ձեռնտու չէ տկարացնել թրքական տնտեսութիւնը, ուր անոնք հարիւր միլիարդներով ներդրումներ ունին։ 

Պէտք է նկատի ունենանք, որ վերջին ճգնաժամի օրերուն Թուրքիան կրկին մեծ աջակցութիւն ստացաւ, բայց այս անգամ նախկին թշնամի՝ Ապու Տապիէն, որ այժմ կը մօտենայ իրեն որովհետեւ Էրտողանը սկսած է նեղի դնել Թուրքիոյ մէջ բնակող «Իխուաններ»ը՝ - «Իսլամ եղբայրներ»ու կուսակցութեան անդամներե, Եգիպտոսի հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելու համար։ Ապու Տապին յայտարարեց թէ 10 միլիառ տոլարի ներդրում պիտի կատարէ Թուրքիոյ մէջ. բան մը որ ամրապնդեց լիրայի դիրքերը և կարելի է օգնէ անոր թէկուզ որոշ ժամանակով։

Թուրքիոյ տնտեսութեան ամենակարեւոր խոչընդոտներն են կարճաժամկէտ արտաքին պարտքերը որոնք առևտրային հաշուեկշիռին մէջ բաց կը պատճառեն.  անոնց ամենամեծը նաւթի ներածութեան ծախսերն են, թէեւ Թուրքիան բաժին կը ստանայ Իրաքեան նաւթէն որ կ՚արտածուի իր տարածքով, եւ սև շուկայէն ձեռք կը բերէ Սուրիական հանքավայրերէն արտադրուող նաւթը ՏԱՀԷՇ-ի կամ ուրիշ միջոցներով։

Նաւթը Թուրքիոյ տնտեսութեան միակ տկար մասը չէ: Էրտողանի արկածները և Օսմանեան կայսրութիւնը վերակենդանացնելու մեծ երազաները դրդեցին անոր ռազմական արկածախնդրութեան ձեռնարկել՝ սկսած Սուրիոյ ներխուժումէն, այնուհետև Հիւսիսային Իրաքի վրայ յարձակումները՝ Քրտական Բանուորական կուսակցութեան զինեալները հալածելու պատրուակով եւ թրքական զինուժի մշտական ներկայութիւնը Իրաքի Բահշիքա գիւղաքաղաքին մէջ, նմանապէս սուրիացիներուն Լիպիա ուղարկելը, ալ չխօսինք 1974 թ. հիւսիսային Կիպրոսի մէջ հաստատուած թրքական (բարեկամական) 30 հազար զինուորներուն մասին։

2016-էն ի վեր Քաթարի մէջ թրքական ռազմական ճամբար գոյութիւն ունի, եւ Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ ու Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց միջեւ ծագած ճգնաժամէն ետք Թուրքիոյ հետ Քաթարի յարաբերութիւնները ամրապնդուեցան և վերածուեցան դաշինքի: 2017-էն Սոմալիոյ և Ջիբութիի մէջ թրքական ուժեր կան այդ երկիրներու զինեալ ուժերը վերապատրաստելու պատրուակով, և Ատրպէյճանի մէջ ուր Թուրքիոյ «եղբայրական ուժեր»ը կը գտնուին բոլոր տարածութիւններուն մէջ. ի վերջոյ Սուտանի Սուակըն կղզիի վրայ ռազմածովային ճամբար ստեղծելու գործընթացը, որ ձախողեցաւ այնտեղ եղած ռազմական յեղաշրջումէն յետոյ։

Թուրքիան փոքր երկիր մը չէ, և անոր տնտեսութիւնը մեծապէս կախուած է գիւղատնտեսական արտադրանքներէ, փոքր և միջին արդիւնաբերութիւններէն, ինչպէս նաև ծառայութիւններու ոլորտներէն, ինչպիսի են՝ զբօսաշրջութիւնը, օդանաւային փոխադրութիւնները, շինարարութիւնը և անշարժ գոյքերու ներդրումը , որոնք տարեկան աւելի քան 20 միլիառ տոլար կ՚ապահովէին մինչև (պսակաձեւ ժահրի) «քորոնա»  վարակի ճգնաժամը: Թուրքիան աշխարհի 20 խոշոր արդիւնաբերական երկրներու շարքին էր, սակայն անոր վարկանիշը նախ իջաւ 17-րդ, ապա 19-րդ, իսկ այժմ 21-րդ դիրքի վրայ է, այսինքն՝ ցուցակէն դուրս է։

Լիրայի արժէզրկումը բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ որոշ ներդրողներու վրայ, որոնք են անշարժ գոյքերու խոշոր ներդրումները, ուր այդ շէնքերու եւ յարկաբաժիններու արժէքները կը նուազին. Միւս վնաս կրողներն են ընդհանրապէս սակարաններու լիրայի առուծախով զբաղողները և ուրիշներ։ Լիրայի արժէզրկումը մեծ ազդեցութիւն ունի նաեւ դուրսէն ներդրող ընկերութիւններու վրայ, որովհետեւ ապրանքները և ծառայութիւնները ներմուծելու համար տոլար կամ եւրո կը վճարեն, և այն ընկերութիւնները, որոնք դրամատուներէն պարտք ստացած են բարձր տոկոսներով: Սակայն Թուրքիոյ քաղաքացին բոլոր դէպքերուն ամենամեծ վնաս կրողն է մասնաւորապէս աղքատ եւ միջին խաւը, որովհետեւ գիները շարունակ սղաճի ենթակայ են։ Այս բոլորին դիմաց կառավարութիւնը վեց ամիսը մէկ կը ճշգրտէ աշխատողներու աշխատավարձերը, բայց սովորական քաղաքացին կը մնայ այդ ճշգրտումներէն դուրս։

Միւս կողմէ, թրքական լիրայի անկումը ձեռնտու է գիւղատնտեսական արտադրանքեր արտածողներուն համար նմանապէս տեղական ներքին արդիւնաբերութեան համար, որ կախուած չէ արտերկրէն եկած հումքէն։

Զբօսաշրջութիւնը Թուրքիոյ տնտեսութեան էական մասն է։ Մինչ «քորոնա»ի ճգնաժամը այն Թուրքիոյ տարեկան միլիաոներով տոլարներ կ՚ապահովէր, և կառավարութիւնը կ՚օգտուէր այդ ներմուծումէն՝ նուազեցնելով առևտուրի հաշուակշիռի բացը։ Ներկայիս տնտեսագէտները Թուրքիոյ արտաքին պարտքը կը գնահատեն 450 միլիառ տոլար, մինչդեռ ներքին արտադրութիւնը, նոյն աղբիւրներու համաձայն, այդ գումարի կէսն է։ Տարօրինակ է որ Էրտողան ԱՄՆ-ը եւ Արևմտեան երկիրները իր թշնամիները կը նկատէ երբ նոյն ժամանակ անոնց հետ ռազմական դաշինքի մէջ է և ՆԱԹՕ-ի անդամ։ Թուրքիոյ ներդրումներու մեծ մասը այդ երկիրներէն կու գայ, յատկապէս Գերմանիայէն։ Միեւնոյն ժամանակ, երբ ան կ՚ատէ Ամերիկան և Արևմուտքը, ան կը ձգտի մնալ ՆԱԹՕ-ի կազմի մէջ՝ միաժամանակ Ռուսաստանէն պաշտպանական զէնք գնելով և ԱՄՆ-ը եւ Արևմուտքի հետ ճգնաժամեր ստեղծելով։

Թուրքիոյ հասարակական կարծիքի համաձայն՝ ներկայիս Էրտողանին սատարողներու տոկոսը միայն 30% է, բան մը որ քաջալերեց Հանրապետական կուսակցութեան (Քեմալ Աթաթուրքի հիմնադրած աշխարհիկ կուսակցութեան) և Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլջտարօղլուին, պահանջել արտահերթ ընտրութիւններ կայացուին եւ 2023-ին ժամկէտին չսպասեն, որովհետեւ Էրտողանի յաղթելու հնարաւորութիւնը ներկայիս ցած է։ Քըլջտարօղլու և անոր աշխարհիկ կուսակցութիւնը յաղթեցին քաղաքային ընտրութիւնները Պոլսոյ և Անգարաի մէջ, մինչ Էրտողանի կողմէ առաջադրուող թեկնածուները պարտուեցան , անոնցմէ՝ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։ Սակայն Էրտողանի թեկնածուները յաղթեցին կրօնական ուղղուածութիւն ունեցող քաղաքներու մէջ. նախագահական ընտրութիւնները, որոնք համընդհանուր ընտրութիւններ են, եւ կը ներառեն ողջ Թուրքիան, այնտեղ ըլլալով էրտողանամէտ գիւղերը։ 

Վերջապէս, ո՞ւր պիտի հասնի թրքական լիրան։

-Արդեօ՞ք Էրտողան պիտի շարունակէ իր տնտեսական քաղաքականութիւնը և հոսանքին հակառակ լողալը ու կարողանա՞յ դիմանալ մինչև վերջ։ 

-Արդեօ՞ք Էրտողանի կողմէ հոգեպէս պատրաստուած կրօնամոլ թուրք ընտրազանգուածը պիտի ընդունի՞ անոր որպէս նախագահ՝ աշխարհիկ Քըլըջտարօղլուի  ճանապարհը կտրելու համար։ 

- Թէ Էրտողանը պիտի կարողանա՞յ համոզել թուրքերուն որ ինք անաւարտ օրակարգ ու ծրագրեր ունի եւ Թուրքիան իրեն կարիքը ունի և անփոխարինելի է։ 

- Կամ ան պիտի դիմէ՞ տարածաշրջանի մէջ տարածուած կեղծիքներուն՝ իշխանութեան մնալու համար։ 

Կամ ինք աս անգամ զինուորական յեղաշրջում պիտի կատարէ՞ իշխանութեան մնալու համար։ 

Այս բոլոր հնարաւորութիւնները կարելի են, և մենք պէտք է սպասենք:

 

Համբարձում  Աղպաշեան

Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա

Դեկտեմբեր 2021