image

Երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար Հայաստան-Թուրքիա սահմանային ճանապարհը պիտի բացո՞ւի

Երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար Հայաստան-Թուրքիա  սահմանային ճանապարհը  պիտի բացո՞ւի

Քննարկուած են այլ հնարաւոր յստակ քայլեր, որոնք կրնան ձեռնարկուիլ երկու երկիրներուն միջեւ լիարժէք կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու համար:

 

Յուլիս 1-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ դեսպան Սերտար Քըլըճը չորրորդ հանդիպում ունեցած են Վիեննայի մէջ:

Կողմերը պայմանաւորուած են հնարաւոր ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը հատելու հնաւորութիւն ապահովել, համապատասխանաբար, Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար եւ որոշած են սկսիլ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործընթացները:

Պայմանաւորուած են նաեւ հնարաւոր ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ մեկնարկել Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու իրականացումը եւ որոշած են սկսիլ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործընթացները:

Բացի այդ, քննարկուած են այլ հնարաւոր յստակ քայլեր, որոնք կրնան ձեռնարկուիլ երկու երկիրներուն միջեւ լիարժէք կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու համար:

Ի վերջոյ, կողմերը կրկին ընդգծած են իրենց պայմանաւորուածութիւնը` շարունակելու կարգաւորման գործընթացը առանց նախապայմաններու: