image
Հրատապ լուրեր:

Երկընտրանք Կար Ղարաբաղի Եւ Պաքուի Միջեւ, Մենք Նախընտրեցինք Ղարաբաղը

Երկընտրանք Կար Ղարաբաղի Եւ Պաքուի Միջեւ, Մենք Նախընտրեցինք  Ղարաբաղը

 «Երբ այս շրջապտոյտի ծրագիրը  հիմնեցինք  մեր առաջ  երկընտրանքի խնդիր կար, մենք  պէտք է ընտրէինք Պաքուն կամ  Ղարաբաղը եւ մենք ընտրեցինք  Ղարաբաղը»  «Արեւելք»ին ըսաւ  Աթիլա Պարէնի: Պարէնի, որ  նախագահն է  CAUCASIAN CHALLENGE  անունը  կրող   շրջապտոյտներու  նախաձեռնութեան նշեց, որ այս տարուան իրենց   կատարած շրջապտոյտը արդէն    8-րդ է  եւ շրջապտոյտին կը մասնակցին 20 ինքնաշարժներ:«2008–ին սկիզբ առած մեր շրջապտոյտին  հիմնական    գաղափարին մէջ  կարեւոր  դեր ունեցած է  Պուտաբէշտ ապրող    մեր հայ ընկերը եւ ան առաջարկեց հասնիլ մինչեւ լեռնային Ղարաբաղ» ըսաւ Պարէնի  նշելով, որ Ղարաբաղը իր  բնութեամբ   հրաշալի վայր է:   Հունգարացի  ճանապարհորդը նաեւ նշեց, որ վերջին տարիներուն  իրենց     նախաձեռնած  ճանապարհորդութիւնը   քանիցս փոխած է          հունը   բայց եւ այնպէս  շրջապտոյտին  վերջին կայանը կը մնայ  Լեռնային Ղարաբաղը»:  Ան  նշեց, որ  իրենք նման  ճանապարհորդութիւններ ըրած են նաեւ դէպի Հնդկաստան եւ      կեդրոնական Ասիոյ  այլ երկիրներ:   Պարէնի   բարձր գնահատեց  Արցախցի ժողովուրդին հիւրասիրութիւնն  ու   բարի կամեցողութիւնը: ««Ժինկեալով հացը» իմ նախասիրած ուտելիքն է»  ըսաւ ան  շարունակելով, «որ Ղարաբաղի  բոլոր   ուտելիքներն  ալ  համադամ են»: Հունգար ճանապարհորդ՝  Աթիլա Պարէնի,  8-րդ անգամն է, որ   այցելութիւն կու տայ Արցախ: