image
Հրատապ լուրեր:

Ապերախտ մարդուն

Ապերախտ մարդուն

Ես՝ ծնկաչոք սրտով խաղաղ,

Յաճախ անձայն, լո՜ւռ կ'աղօթեմ,

Եւ կ'աղօթեմ անոնց համար՝

Որոնք գաղտնի զիս կը խայթեն.

Ըլլան անոնք՝ ամբարտաւան,

Ինքնահաւան ու նիւթասէր,

Ե՛ւ եսամոլ, եւ ապերախտ,

Սխալ, յամառ ու փառասէր։

 

Ես կ’աղօթեմ անոնց համար՝

Որոնք սէրըս խլեցին մեծ,

Դէմքով սառած, սրտով յոգնած՝

Իմ սրտիս մէջ դեռ կը պահեմ,

Թէպէտեւ քիչ՝ բայց կը պահեմ

Որպէս ցաւալի հի՜ն յուշեր,

Որպէս լուսնակիս խեղճ ընկեր։

 

Մարդը մարդու ընկերացած՝

Բայց հալածող եղած է միշտ,

Ինչո՞ւ համար, չե՛մ ընդունած,

Ուստի աղօթող եմ ընդմիշտ.

Գուցէ օր մը ինքզինք գտնողն

Անդրադառնայ ու գայ դարձի,

Տեսնելով՝ զինք գուրգուրացողն

Իսկ հեռացած է վեհասիրտ։

 

Կեանքը վարդ մըն է հոտաւէտ

Իր բազմաթիւ փուշերով լի,

Թէ ցանկանաս գուցէ քաղել՝

Չ'ըլլայ դպչիս փուշերն յարգի։

Կեանքը նաեւ անցաւոր է,

Ու մենք՝ անցորդները կեանքին,

Թող չանտեսենք մարդըն այն հէգ,

Որ սոյն ճամբով պիտի անցնի։

 

Վաղը կը պատկանի՝ վաղուան,

Եւ ո՛չ մէկէն կախում ունի.

Ուստի կ'աղօթեմ քեզ համար,

Որ բելիարէն չսասանիս,

Քանզի Տէ՛րն է իմ ապագան,

Ու կեդրոնը իմ ողջ կեանքիս։

 

Կայլակ

«Ոսկէ Օրէնքը» գիրքէն

 

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...