Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ խելագարութիւն պիտի ըլլայ, եթէ յարձակին Իրանի միջուկային կառոյցներու վրայ։
Այս մասին Sky News-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին՝ աւելցնելով, որ այդ «շատ վատ աղէտ» պիտի ըլլայ տարածաշրջանի համար:
Այս նախազգուշացումը հնչած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարի առաջին հարցազրոյցին մէջ, որ ան տուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդմնակալութեան արարողութենէն ետք:
Դիւանագէտը խօսած է այն դիտարկումներու մասին, որ Իսրայէլը կրնայ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ յարձակիլ Իրանի միջուկային կառոյցներուն վրայ:
«Մենք յստակ հասկցուցած ենք, որ մեր միջուկային կառոյցներու վրայ որեւէ յարձակում պիտի ստանայ անյապաղ եւ վճռական պատասխան: Բայց ես չեմ կարծեր, որ անոնք կ՚ընեն այդ խելագարութիւնը: Այդ իսկապէս խելագարութիւն պիտի ըլլայ եւ պիտի յանգեցնէ ամբողջ տարածաշրջանի համար շատ վատ աղէտի»,- ըսած է Արաքչին:
Թեհրանը բազմիցս յայտարարած է, որ երկրի միջուկային ծրագիրը խաղաղ բնոյթ կը կրէ եւ քաղաքացիական նպատակներով կը զարգացուի, մինչ Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը կը պնդեն, որ Իրանը միջուկային զէնք կը ստեղծէ: