image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր Պաքուի մէջ կը շարունակուի Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ քաղաքացիական անձանց դէմ շինծու մեղադրանքներով դատավարութիւնը

Այսօր Պաքուի մէջ կը շարունակուի Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ քաղաքացիական անձանց դէմ շինծու մեղադրանքներով դատավարութիւնը

Այսօր Պաքուի ռազմական դատարանէն ներս պիտի շարունակուի բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու եւ քաղաքացիական անձանց դէմ շինծու գործերով դատավարութիւնը: Անոնց կը մեղադրեն «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու», «ցեղասպանութեան» եւ այլ «յանցանքներու» համար:

Ընդհանուր առմամբ, դատարանի առաջ պիտի կանգնի 15 հայ`Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեանը, Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, ԱԺ նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, Պաշտպանութեան բանակի ԶՈՒ շտաբի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեանը, ԱԳ նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը,ՊԲ նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, քաղաքացիական անձինք՝ Վասիլի Բեգլարեանը, Էրիկ Ղազարեանը, Դաւիթ Ալավերդեանը, Գուրգէն Ստեփանեանը, Լեւոն Բալայեանը, Մադաթ Բաբայեանը, Գարիկ Մարտիրոսեանը, Մելիքսեթ Փաշայեանը:

Մինչդեռ Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործով դատավարութիւնը տեղի պիտի ունենայ յունուար 27-ին:

Նախապատրաստական ​​դատական ​​նիստը սկսած էր յունուար 17-ին։ 

Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազի որոշմամբ՝ 1987-ի հոկտեմբերէն մինչեւ 2024-ի ապրիլ 22-ն ինկած ժամանակահատուածին կատարուած «յանցագործութիւններու» առնչութեամբ գլխաւոր դատախազութեան եւ երկրի այլ քննչական մարմիններու կողմէ քննուած 1,389 քրէական գործերը միաւորուած են մէկ վարոյթի մէջ։