image

Իրան չի բացառեր, որ կը փակէ «Հորմոզ»ի նեղուցը

Իրան չի բացառեր, որ կը փակէ «Հորմոզ»ի նեղուցը

Իրանի գերագոյն առաջնորդի խորհրդականը, ԱՄՆ-ի կողմէ իրանեան միջուկային կառոյցներու դէմ կատարուած յարձակումէն ետք, կոչ ըրած է հրթիռային հարուածներ հասցնելու ԱՄՆ-ի ռազմածովային ուժերու նաւերուն եւ փակելու Հորմուզի նեղուցը։

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին եւս չէ բացառած, որ Իրան կը փակէ Հորմուզի նեղուցը։

Լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ռազմածովային ուժերու հրամանատար՝ զօրավար Թանկսիրի յայտնած է, որ Հորմուզի նեղուցը քանի մը ժամէն պիտի փակուի։

Այս քայլը պիտի յառաջացնէ նաւթի գիներու կտրուկ աճ ամբողջ աշխարհին մէջ։