Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի հարուածներէն ետք Իրանի միջուկային կառոյցներէն դուրս ճառագայթման մակարդակի որեւէ աճ չէ արձանագրուած։
«Իրանի մէջ երեք միջուկային կառոյցներու, ներառեալ՝ Ֆորտոյի վրայ կատարուած յարձակումներու կապակցութեամբ, Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը կրնայ հաստատել, որ այս պահուն կառոյցներէն դուրս ճառագայթման մակարդակին աճ չէ եղած։
Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը պիտի շարունակէ գնահատել Իրանի մէջ տիրող իրավիճակը՝ լրացուցիչ տեղեկութիւններ ստանալուն պէս», – նշուած է «X» ընկերային ցանցի մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։